2014-04-30 11:50:15

Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը մեկնեցաւ Ալճերիա։


Երեքշաբթի, 29 ապրիլին, Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, մեկնեցաւ Ալճերիա, գլխաւորելու Ս. Օգոստինոսի նուիրուած` Պազիլիքայի կառուցման 100 ամեակի հանդիսութիւնները, որպէս Սրբազան Քահանայապետին յատուկ նուիրակ։
Ս. Օգոստինոսի նուիրուած Պազիլիքայի կառուցման 100 ամեակի հանդիսութիւնները, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երկու մայիս 2014 –ին, Աննապա քաղաքին մէջ։ Նշենք որ ս. Օգոստինոսի Պազիլիքան, միշտ եղած է խորհրդանիշը կրօններու միջեւ կապին։ Պազիլիքան անցեալ հոկտեմբերին վերաբացուեցաւ հաւատացեալներուն, երկու ու կէս տարուայ վերակառուցումի աշխատանքներու աւարտին։ Տարեկան շուրջ 20.000 ուխտաւորներ ու զբօսաշրջիկներ կ'այցելեն ս. Օգոստինոսի Պազիլիքան։ Ալճերոյ կաթողիկէ հասարակութեան մեծ մասը օտարներ են։
Կարտինալ Թոռանին կ՛ընկերանայ Հռոմի ''Saint Louis des Francais'' Եկեղեցւոյ Ռէկտորը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Գերապայածառ Քրիստեան Մովէ` Ալճերիոյ թեմին ընդհանուր տեղապահ, եւ Հայր Միշել Կիլիօ։ Իր կեցութեան ընթացքին Կարտինալ Թոռան հանդիպումներ կ՛ունենայ քաղաքական եւ Եկեղեցական անձնաւորութիւննեու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.