2014-04-29 11:50:01

Սուրիական բանակը գրաւեց Քեսապի գիւղերէն Գարատուրանի սահմանակէտը


Ըստ սուրիական պաշտօնական աղբիւրներու, սուրիական բանակը 27 ապրիլի առաւօտուն գրաւած է Քեսապի Գարատուրան գիւղի սահմանակէտը: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, զինուորական գործողութեան մասնակցած են սուրիական բանակի ծովային մասնայատուկ ուժերը, որոնք ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւած են Գարատուրանի ծովափը:







All the contents on this site are copyrighted ©.