2014-04-29 13:56:50

Պրազիլի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի ընդհանուր ժողովը


Չորեքշաբթի 30 ապրիլէն մինչեւ 9 մայիս 2014, Պրազիլի, Ափարէսիտա կոչուած սրբավայրին մէջ, տեղի կ'ունենայ Պրազիլի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր նիստը, որուն նիւթն է ''Հասարակութեան հասարակութիւնը. Նոր ժողովրդապետութիւն''։
Ժողովին կը մասնակցին աւելի քան 300 եպիսկոպոսներ որոնք ի մէջ այլոց պիտի քննարկեն կարեւոր հարցեր` հայող Եկեղեցւոյ կեանքին եւ Պրազիլի մէջ տիրող ներկայի ընկերաքաղաքական հարցերուն, ի տես նախագահական ընտրութիւններուն որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 5 հոկտեմբերին։
Վերոյիշեալ ընդհանուր հաւաքի ընթացքին, ժողովականները, յառաջիկայ 4 մայիսին ԱՓարէսիտա սրբավայրին մէջ, գոհաբանական պատարագ պիտի մատուցանեն, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ անցեալ 3 ապրիլին Պրազիլի պաշտպան սուրբ հռչակուած` Սուրբ Խօսէ Անքիէթայի սրբադասման առթիւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.