Հայաստան պիտի չմասնակցի 29 ապրիլին Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք Մաքսային միութեան վեհաժողովին
29 ապրիլին Մինսքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մաքսային միութեան եւ Միացեալ տնտեսական տարածքի
ղեկավար մարմինի` Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը, որուն պիտի մասնակցին
Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահները: Հայաստան պիտի չմասնակցի այս վեհաժողովին: Հայաստանի
արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ հայկական
կողմը պիտի իրականացնէ իր բոլոր քայլերը` Հայաստանի եւ Մաքսային միութեան միջեւ համաձայնուած
ճամբու քարտէսին համաձայն: Բալայեան նշեց, որ Հայաստան մտադիր է աշխատանքը շարունակել
այդ ուղղութեամբ: Պիելոռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ այդ նիստին վերաբերեալ
երէկ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի երկկողմանի հանդիպումներուն
մասին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի
հետ: Հայաստանի նախագահին հետ երկկողմանի հանդիպման մասին տեղեկութիւն չկայ: