2014-04-29 14:17:30

Եկեղեցին ունեցաւ հայասէր նոր սուրբ մը


RealAudioMP3 2014-ի Ապրիլ 27-ը պատմական օր մր պիտի մնայ աշխարհի պատմութեան մէջ ու յատկապէս կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ:
Այդ օրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ հռչակեց իր նախորդը ՅովՀաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը:
Միլիոնաւոր մարդիկ հետեւեցան սոյն արարողութեան աշխարհիս զանազան հեռատեսիլներէն եւ ռատիոկայաններէն : Մեծ էր ուրախութիւնը բոլոր մարդոց՝ հաւատացեալ ըլլան թէ անհաւատ, որովհետեւ նոր Սուրբը, պաշտպանը հանդիսացաւ տկար, հիւանդ, հալածուած մարդոց. ամենուրէք ժպիտ սփռեց յատկապէս անոնց որ յուսահատութեան մէջ կը գտնուէին: Քահանայապետ մը, որ իր քահանայապետութեան ընթացքին այցելեց գրեթէ բոլոր հաւատացեալները տարածուած ի սփիւռս աշխարհի: Միշտ նորութիւն բերաւ բոլոր մարզերուն մէջ: Գնահատելի էին իր առած քայլերը դէպի հաշտութիւն, ներողութիւն, սէր ու յարգանք: Ատոր Համար ամէնուն յարգանքին արժանացաւ : Յուզումնալից էին այն պահերը երբ կ’երթար ամէնախեղճ ու աղքատ ժողովուրդներուն մօտ, բառնալու համար իրենց մտահոգութիւններն ու ցաւերը:
Այսօրուայ կաթողիկէ երիտասարդները երբեք պիտի չմոռնան այն հանդիպումները որ ունեցաւ իրենց հետ զանազան երկիրներուն մէջ:
Սուրբ դարձած այս քահանայապետը, մեզի Հայերուս՝ մեծ բարեկամ ու պաշտպան եղաւ:
Իր քահանայապետութեան 26 տարիներուն ընթացքին, բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայերուն եւ Հայ Ազգի եկեղեցական թէ քաղաքական ղեկավարներու հետ, տալով իր օրհնութիւնը ու սրտի խօսքը, առանց մոռնալու Սուրբ Ծննդեան եւ Յարութեան տօներուն առթիւ Հայ լեզուով արտասանած շնորհաւորական խօսքերը:
Լաւագոյն գործը եղաւ, երբ 2001-ին Հայ Ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առթիւ յատուկ Առաքելական Թուղթ մը յղեց աշխարհի բոլոր կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն, դրուատելով Հայոց պատմութիւնը, հաւատքն ու մշակոյթը :
Յիշենք մի քանի դրուագներ Հայ Ժողովուրդին հետ հանդիպումներուն ընթացքին:
13 Փետրուար 1981-ին, ՅովՀաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը Ֆրանսահայ մշակոյթի եւ աւանդութեանց ազգային պահպանումի ներկայացուցիչներուն իր շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին ըսաւ. «Ձեր հայկական մշակոյթի պահպանման գործին մէջ հաստատ մնացէք, պահեցէք զայն յարատեւութեամբ, իմաստութեամբ եւ հաւատքով, որովհետեւ ան կը բնորոշէ ձեր ժողովուրդը»:
7 Օգոստոս 1985-ին, Ան այցելեց Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական Հայ վարժարանը անոր հարիւրամեայ յոբելեանի առթիւ:
24 Ապրիլ 1985-ին, չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ՅովՀաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները որ աղօթեն Հայ Եկեղեցւոյ նահատակներուն համար, ի յիշատակ 70 տարի առաջ (1915-ին) անոնց ապրած տառապալից պատահարներուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ:
Դեկտեմբեր 1988-ին, Հայաստանը հարուածող մեծ երկրաշարժին յաջորդ օրը, ՅովՀաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, յուզումով յիշեց երկրաշարժէն վնասուած Հայաստանը, ըսելով. «Տառապանքի ներկայ պահուն, աւելի քան երբեք, մօտ եմ Հայ Ժողովուրդի զաւակներուն, անոնք միշտ ներկայ են իմ աղօթքիս ու հովուական մտահոգութիւններուս մէջ. օգնութեան հասնինք երկրաշարժէն վնասուած այս ժողովուրդին»:
23 Մայիս 1992-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան Վատիկանի եւ նորանկախ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ:

Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.