2014-04-28 12:09:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Կիրակի 27 ապրիլի 2014-ին, Հռոմ քաղաքը ապրեցաւ յիշատակելի ու պատմական օր մը։
Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, երկու Քահանայապետր` Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ, սուրբ հռչակուեցան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահած սրբազան արարողութեան ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 93 երկիրներ եւ պետութիւններ ներկայացնող պատուիրակութիւններ եւ 800 հազարէ աւելի ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան ու այլ Եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր` Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը։
Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը երկու սուրբ քահանայապետերը որակեց ''քսաներորդ դարու արի առաքեալներ որ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին վկայեցին Աստուծոյ բարութիւնը ու անոր ողորմութիւնը....Քրիստոսի վէրքերուն ու անոր ողորմութեան վկայ այս երկու մարդոց մէջ կը բնակէր ''կենսատու յոյս մը'' եւ ''անպատում ու Փառաւոր ուրախութիւն։ Այն յոյսն ու ուրախութիւնը որ Յարուցեալ Քրիստոսը կու տայ իր աշակերտներուն։ Զատկուայ յոյսն ու ուրախութիւնը'' ըսաւ Քահանայապետը ու իր խօսքի աւարտին հայցեց որ ''երկու նոր սուրբերը մեզի սորվեցնեն չգայթակղիլ Քրիստոսի վէրքերէն ու մխրճուիլ Աստուածային ողորմութեան խորհուրդին մէջ, որ միշտ կը յուսայ ու միշտ կը ներէ, որովհետեւ Ան միշտ կը սիրէ''։
Իսկ այսօր` Երկուշաբթի 28 ապրիլի ժամը 12-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սպանիայի Պորպոնի Խուան Քարլոս Ա Թագաւորին եւ Սոֆիա Թագուհիին ու անոնց ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն։ Մինչ առաւօտեան Ան մասնակցեցաւ Քահանայապետի անմիջական օգնական `''Կարտինալական ութեակ Խորհուրդի'' ժողովին որ սկիզբ առաւ այսօր` եւ վերջ կը գտնէ 30 ապրիլին։
Յայտնենք որ Սպանիայի թագաւորն ու թագուհին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, հանդիպեցան նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փիէդրօ Փարոլինին ու Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Մամպերթիին հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ, 1979 թուականի ստորգարուած համաձայնագիրի հիման վրայ, գոյատեւող լաւ յարաբերութիւններու մասին ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան` ի սպաս երկրին ու ընկերութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.