Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օրուան իր հրամանագիրներով իրենց
պաշտօններուն վրայ վերանշանակած է տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը, կրթութեան
եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ
Ասատրեանը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այլ հրամանագիրով մը Գագիկ Խաչատրեան նշանակուած
է ելեւմուտքի նախարար` ազատ կացուցուելով կառավարութեան կից Պետական եկամուտներու կոմիտէի
նախագահի պաշտօնէն: