2014-04-28 10:33:33

Կիրակնօրեայ խօսքը. «Այսօր Յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն Անմահ եւ Երկնաւոր»…


Սիրելի՛ ընթերցող, «այսօր անմահ եւ երկնաւոր Փեսան յարութիւն առաւ մեռելներէն, քեզի, ո՜վ Եկեղեցի, երկրաւոր հարս, բերկրութեան աւետիս:
Այսօր Լոյսէն ծնած անճառ Լոյսը լուսաւորեց զաւակներդ, ո՜վ Երուսաղէմ, լուսաւորուէ՛, որովհետեւ Լոյսդ` Քրիստոս յարութիւն առաւ. ցնծութեան ձայնով օրհնէ՛ Աստուածդ»:
Աստուածային Խաչեալին հրաշափառ յարութեան տօնին մեր շարակնոցին հայատրոփ բաբախիւնով կ՛ողջունեմ քեզ, որ մէկն ես Ս. Եկեղեցիին զաւակներէն եւ պարտաւոր` «ցնծութեան ձայնով» օրհնելու մեր Տէր Աստուածը` մեզ ազատագրած ըլլալու համար «մեղքերու հնութենէն», ինչպէս կը ցնծերգէ «Ս. Զատիկի կանոն»-ը:
«Արդարեւ, Տէրը յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ Սիմոնին» (Ղկ. 24,34):
«Քրիստոս յարութիւն առաւ: Ան է առաջին պտուղը ննջեցեալներուն» (1Կոր. 15,20):
Ստուգիւ, մեր «Լոյսը` Քրիստոս յարութիւն առաւ» (Շարակնոց):
Այո՛, Խօսքը չի թաքնուիր: Սէրը չի սպառիր: Լոյսը չի խաւարիր: Ճշմարտութիւնը չի ստեր: Կեանքը չ՛աւարտիր: Յիսուս Քրիստոս` Խաչեալը Յարուցեալն է, Անմահը:
Աստուածամարդուն յարութիւնը պատմող չորս աւետարանիչներէն այսօր կարդացինք Մարկոսի աւետիսը յաղթութեան: Հետեւի՛նք անոր տողերուն (Մրկ. 16,1-8):
Անունով յիշուած երեք կիները «անուշաբոյր իւղեր գնեցին Յիսուսի մարմինն օծելու համար»: Անոնց օրինապահութիւնը օրինակն է մեր մայրերուն եւ քոյրերուն:
Նաեւ թաղուած Տիրոջ հանդէպ «իւղաբեր կիներ»-ուն սէրէն, պաշտամունքէն ու ծառայութենէն բազմազան դասեր կրնար առնել ներկայի մեր իգական սեռը, ինչ կը հայի իր հանգստաւէտութեան ու հաճոյասիրութեան…
Բայց նաեւ այրերն ալ կրնային շա՜տ բան սորվիլ «իւղաբեր կիներ»-էն, երբ նկատեն անոնց համարձակութիւնն ու հաւատարմութիւնը, մինչ առաքեալները փախուստի դիմած էին եւ պահուըտած էին վախէն…
Աւետարանիչները կարեւորեցին շեշտել այս պատմական իրողութիւնը, թէ «երբ շաբաթը անցաւ», «շաբաթուան առաջին օրը», այսինքն` Յիսուս յարութիւն առաւ կիրակի օրը, որուն ընթացքին մատուցուած Ս. պատարագով «իբրեւ Աստուած` նոր ճարտարապետութեամբ մը երկիրը վերածեց երկինքին» (Խորհրդատետր հայոց):
Կիրակին, որ երբեք չի պատկանիր «շաբաթավերջ»-ին, ինչպէս հրեաները սորվեցուցին եւ տգէտները կը շարունակեն կրկնել նոյն դիտաւորեալ սխալը, շաբթուան առաջին օրն է, որով կը սկսինք մեր ժամանակը Յարուցեալին պաշտամունքով ու սիրով, ինչպէս ալ` յարութեան լոյսով, ուրախութեամբ եւ յաղթանակով:
«Իւղաբեր կիներ»-ը մտահոգ էին. «Մեզի ո՞վ պիտի վերցնէ գերեզմանի մուտքին քարը… Իրենց աչքերը բարձրացուցին ու տեսան, որ քարը թաւալած էր եւ շատ մեծ էր»:
Յարուցեալին հաւատացողներուն մօտ այլեւս աւելորդ ու անտեղի է այս հարցումը: Անոնք միշտ յիշելու են յարուցեալ Տիրոջ քաջալերական ու հանդարտեցնող հարցադրումը, որուն մէջ կայ նաեւ յանդիմանական երանգ մը. «Ինչո՞ւ կը խռովիք եւ ինչո՞ւ կը ծնին տարակոյսներ ձեր սրտերուն մէջ» (Ղկ. 24,38):
Յարութենէն ետք այլեւս կասկածներ պէտք չէ ունենանք դժուարութիւններուն առջեւ: Զատկական բերկրանքով օժտուածները այլեւս տխրելու իրաւունքը չունին:
Աստուած մեզ միշտ կրնայ բերել անակնկալի, միայն կը բաւէ մեզի, որ վստահինք Աստուծոյ հզօրութեան, ինչպէս Յարուցեալը անակնկալի բերաւ «վախով եւ ուրախութեամբ» գերեզմանէն հեռացող կիները, երբ զանոնք լիացուց իր ողջոյնով ու զօրացուց իր տեսութեամբ (Մտթ. 28,8-10):
«Մի՛ վախնաք»: Անվախութեան, համարձակութեան ու քաջութեան այս հրամայականին չորս անգամ կը հանդիպինք Քրիստոսի յարութեան կապակցութեամբ: Ի զուր չէ այս շեշտաւորումը:
Դարերու պատմական փաստն է, անհերքելի՛, եւ մեր նահատակներու վկայութիւնն է, անյետսկոչելի՛, թէ Յարուցեալին հաւատացողները չվախցան, չեն վախնար ու պիտի չվախնան մահէն, քանի զանոնք տարաւ, կը տանի եւ պիտի տանի Անմահին, որ «Ապագային Լոյսը» կամ «Սուրբ Արշալոյսն» է «յաւերժութեան» (Դ. Վարուժան):
«Յիսուս Նազովրեցին` Խաչեալը»: Ա՛յս է բացայայտիչ անունը թաղուած Աստուածամարդուն, որուն յարութիւնն աւետեց հրեշտակը: Ա՛յս է վեհանունը Յարուցեալին հաւատացողներուն համար, որոնք իրենց նեղութիւններուն եւ հալածանքներուն մէջ ապաւինեցան, կ՛ապաւինին եւ պիտի ապաւինին այլեւս լուսավէր «իր ձեռքերն ու կողը» (Յվհ. 20,19) ցուցուցած Տիրոջ. «Ահաւասիկ, Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ կատարածը աշխարհին» (Մտթ. 28,20):
«Հոս, գերեզմանին մէջ չէ: Յարութիւն առաւ»: Պատմական է դէպքը` դարերը յեղաշրջո՛ղ ու մարդկութիւնը բարեփոխո՛ղ: Անցեալի, ներկայի եւ ապագայի անհաւատները զգետնո՛ղ. «Ապա, Յիսուս երեւցաւ տասնմէկ առաքեալներուն, երբ սեղան նստած էին եւ յանդիմանեց զանոնք իրենց թերահաւատութեան ու սրտի կարծրութեան համար, քանի չէին հաւատացած անոնց, որոնք տեսած էին Զինք` յարուցեա՛լ» (Մրկ. 16,14):
Խաչուածին յարութիւնն «իւղաբեր կիներ»-ուն աւետող հրեշտակը եզրափակեց. «Գացէ՛ք եւ ըսէ՛ք Անոր աշակերտներուն ու Պետրոսին. «Ան ձեզ կը կանխէ Գալիլիա, ուր պիտի տեսնէք Զինք, ինչպէս որ ըսած էր»:
Խաչեալին յարութիւնը մեր կրօնին հիմնաքարն է: Մեր հաւատքին եւ յոյսին կռուանն է: Մեր սիրոյն ուղեցոյցն է: Մեր խաչերուն յարութիւնն է ու մեր խաչելութիւններուն` յաղթութիւնը: Մեր լոյսը եւ փառքն է: Մեր ապրումը եւ վկայութիւնն է:
Խաչեալին յարութիւնը աւետիսն է մեր հանդիպումին` Յաւերժին հետ: Այս լուսաբաշխ հեռանկարով` ձայնակցի՛նք մեր Ս. Եկեղեցիին. «Աստուածածին, Տաճար Լոյսին, ուրախ եղի՛ր եւ հրճուէ՛, ո՜վ Մայր եւ Կոյս, որովհետեւ Կոյսէդ Ծնածը այսօր յարութեամբ վերստին ծնաւ կոյս գերեզմանէն: Քեզ բարեբանելով` կը մեծարենք»:

Մեսրոպ Հայունի







All the contents on this site are copyrighted ©.