2014-04-27 12:34:50

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ''Ուրախ լեր'' Մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի 27 ապրիլին, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցած Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետերու սրբադասումի նախագահած արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն, ''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ առաջ, ներկաներուն խօսք ուղղելով ըսաւ`
''Աւարտելէ առաջ հաւատքի այս տօնախմբութիւնը, կը փափաքիմ ողջունել ձեզ ամէնքդ։ Շնորհակալ եմ աշխարհի ամէն կողմէ ժամանած Կարտինալ եղբայրակիցներուս, եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն։ Երախտապարտ եմ բոլոր երկիրներու պետական պաշտօնական պատուիրակութիւններուն, որ ժամանած են մեծարելու երկու Քահանայապետերը որոնք սատարեցին ժողովուրդներու բարգաւաճումին եւ խաղաղութեան զարգացումին։ Յատուկ շնորհակալութիւն Իտալական Իշխանութեանց` թանկարժէք համագործակցութեան համար։
Մեծ սիրով կ՛ողջունեմ Պերկամոյի եւ Քրաքովիայի ուխտաւորները։ Սիրելիներ, մեծարեցէք երկու սուրբ Քահանայապետերու յիշատակը, հաւատարմօրէն հետեւելով անոնց ուսուցմունքներուն։
Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որ սատարեցին այս անմոռանալի եւ յիշատակելի օրերու կազմակերպութեան։ Հռոմի թեմին` Կարտինալ Վալլինիի հետ միասին. Հռոմի Քաղաքապետարանին` Ինիացիօ Մարինօ Քաղաքապետին հետ միասին, ապահովական ուժերուն, կազմակերպութիւններուն, ընկերակցութիւններուն ու բազմաթիւ կամաւորներուն։ Շնորհակալութիւն բոլորին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոս գտնուող բոլոր հաւատացեալները ու բոլոր անոնք որ Հռոմի զանազան հրապարակներու վրայ հետեւեցան` պաստարներու վրայ պատկերասփռուած արարողութեան, ինչպէս նաեւ անոնք որ հեռուստակայանի եւ այլ հաղորդակցութեան միջոցներով կապուած էին սուրբ Պետրոսի հրապարակի հետ, եւ հաղորդամիջոցներու աշխարհի գործիչները որոնք առիթ տուին բազմաթիւ մարդոց մասնակցելու այս արարողութեան, մասնաւորապէս հիւանդներուն ու ծերունիներուն որոնց հանդէպ նոր Սուրբերը յատուկ մօտիկութիւն ցուցաբերած էին, ''անոնց ալ թող հասնի իմ յատուկ ողջոյնս'' ըսաւ Քահանայապետը ու ապա բոլոր հրաւիրեց ''դիմել Աստուածածնայ, որ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, սիրեցին որպէս իսկական զաւակներ''։ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ արտասանեց Ուրախ լեր Մարեմեան աղօթքը եւ բոլոր ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութինը։







All the contents on this site are copyrighted ©.