2014-04-26 11:21:22

Յովհաննէս ԻԳ-ի Նորամուծութիւնները։


Անճելօ Ռոնքալլին եօթանասունեօթ տարեկան էր, երբ 1958-ի Հոկտեմբեր 28-ին Պապ ընտրուեցաւ: Ասոր համար շատեր կը մտածէին թէ անոր քահանայապետութիւնը «անցողակի քահանայապետութիւն» մը պիտի ըլլար, սակայն իրականութեան մէջ Յովհաննէս ԻԳ-ի քահանայապետութեան տարիները` Պետրոսի գահին վրայ, արձանագրուած են` Եկեղեցւոյ համար կարեւոր նորութիւններով:
Յովհաննէս ԻԳ-ի քահանայապետութեան գլխաւոր նորամուծութիւնը անկասկած կը վերաբերի 11 Օգոստոս 1962-ի Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի գումարման, որով կը փորձէ հասկնալ ժամանակի նոր մարտահրաւէրները որոնց դիմաց կը գտնուէր Եկեղեցին:
Բնականաբար խօսքը չէր վերաբերուեր նոր ճշմարտութիւններու հաստատման, այլ վարդապետութեան աւելի արդիական ներկայացումին` շեշտելով ողորմութեան, խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ համամիութեան ներշնչումին:
Ընդգրկելով Հռոմի Եպիսկոպոսի տիտղոսը նոր թափ կու տայ անոր հովուական բնոյթին` հաւատացեալներու հետ բազմաթիւ հանդիպումներով եւ ժողովրդապետութիւններ այցելելով: Առաջին Քահանայապետն է որ 1958-ի Դեկտեմբեր 25-ին կ’այցելէ ''Bambino Gesù - Մանուկ Յիսուս'' մանկական հիւանդանոցը եւ առաջինն է որ հանդիպում կ’ունենայ '' Regina Coeli – Երկինքի Թագուհի'' բանտի բանտարկեալներուն հետ:

Առաջին անգամ ըլլալով կը փոխէ կարտինալներու թիւի սահմանափակման օրէնքը` անոնց թիւը հասցնելով մինչեւ 75-ի, ապա 90-ի:

Առաջին Քահանայապետն է որ ունկնդրութիւն կու տայ Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդին:
Առաջինն է որ կ’անուանէ Ափրիկեցի, Ճաբոնցի եւ Փիլիպինցի կարտինալներ:
Պատմութեան մէջ` առաջին անգամ Սուրբ Յովհաննէս Խաչեանի պատւոյն, Վատիկանի Պազիլիքային մէջ կը նախագահէ բիւզանդա-սլաւ ծէսով Քահանայապետական Պատարագին:
Կը հաստատէ «Հրեշտակ Տեառն» կիրակնօրեայ աղօթքի` Առաքելական յարկաբաժնի պատուհանէն արտասանելու աւանդութիւնը:
Մինչեւ այսօր, միակ Քահանայապետն է որ պարգեւատրուած է Ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ մարդասիրութեան խաղաղութեան Պալծան մրցանակով:
Առաջինն է որ կը պատասխանէ Կրեմլինէն եկած հեռագիրին:
Կը ջնջէ կարտինալներուն` նորընտիր Քահանայապետին հողաթափը համբուրելու սովորութիւնը:
Կը ջնջէ նաեւ Վատիկանի պարտէզին մէջ Քահանայապետին պտտած ատեն` հաւատացեալներու մուտքը Սուրբ Պետրոսի գմբեթ արգիլելու հրամանը:
Ան եղաւ ''ժողովրդային Քահանայապետ'' Եկեղեցին մօտեցնելով հաւատացեալներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.