2014-04-26 11:40:50

Յովհաննէս Բ-ին Նորամուծութիւնները։


Բաւականին բազմաթիւ են Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի «առաջնութիւնները» քսանվեց տարիներու Քահանայապետութեան ընթացքին: Անհնար է զանոնք մէկ առ մէկ յիշելը, սակայն ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին` ոչ իտալացի, այլ՝ Լեհ Պապ ըլլալը մեծ տպաւորութիւն ունեցած է:

Յիշենք որոշ նորամուծութիւններ.

28 Յունիս 1988-ին, կը հրատարակէ «Բարի Հովիւ» առաքելական սահմանադրութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ կ’իրականացնէ հռոմէական Եկեղեցւոյ Վարչակազմի եւ անոր Միաբանութիւններու բարենորոգումը:

Իր Քահանայապետութեան ընթացքին Պապը հիմնած է նաեւ վատիկանեան այլ կազմակերպութիւններ.

13 Մայիս 1981-ին, կը հաստատէ «Ընտանիքի` Քահանայապետական Խորհուրդը», միեւնոյն ատեն հիմնելով «Ամուսնութեան եւ ընտանիքի ուսումնասիրութեան` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Քահանայապետական Հաստատութիւնը»` պարգեւելով Եկեղեցւոյ` փիլիսոփայական, աստուածաբանական եւ հովուական անդրադարձումի օժանդակութիւն մը, մարդկային տարբեր գիտութիւններու օգնութեամբ նպաստելով անհատի, ամուսնութեան եւ ընտանիքի վերաբերող ճշմարտութեան:

20 Մայիս 1982-ին կը հիմնէ «Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդը»:
11 Փետրուար 1985-ին Լուրտի` Տիրամօր յիշատակին, կը հիմնէ «Բուժաշխատողներու Քահանայապետական Հովուական Խորհուրդը»` ցոյց տալով տկարներու հանդէպ` Եկեղեցւոյ ունեցած հոգածութիւնը:

Երկու մասնայատուկ նպատակներու դիտաւորութեամբ 11 Փետրուար 1994-ին, կրկին Լուրտի Աստուածամօր յիշատակին, կը հիմնէ «Կեանքի ի նպաստ Քահանայապետական կաճառը». Առաջին, մարդկային կեանքի եւ անհատի արժանապատուութեան պաշտպանութեան խնդիրներու ուսումնասիրութեան համար եւ կեանքի մշակոյթի բարձրացում` ըստ Եկեղեցւոյ ուսմունքի:

Սուրբ Պիոս Ժ-ի Քահանայապետական Եղբայրութեան կապուած անհատներու դէպի Կաթողիկէ Եկեղեցի վերադարձը դիւրացնելու նպատակով, 2 Յուլիս 1988-ին կը հիմնէ «Աստուածային Եկեղեցի'' Քահանայապետական յանձնախումբը»:

Կը բարեփոխէ ''Պապընտիր Ժողովը'' հրապարակելով ''Universi Dominici Gregis'' առաքելական սահմանադրութիւնը, որ կը վերաբերի Սուրբ Պետրոսի ''Թափուր Աթոռին'' եւ Հռոմի Քահանայապետի ընտրութեան:

30 Ապրիլ 2000 թուականին, Յարութեան երկրորդ Կիրակին, Յովհաննէս Պօղոս Բ կը հաստատէ որպէս ''Աստուածային Ողորմութեան Կիրակի'', եւ ահա ճիշդ այդ օրը Ան Սուրբ պիտի հռչակուի:

2002-ին կը ներմուծէ Սուրբգրային Ճանապարհ Խաչի նորութիւնը, աւանդական դարձած կայաններուն փոխարէն, աւետարաններու մէջ նշուած չարչարանքի հայող հատուածներ կարդալով:
Առաջին Քահանապետն է, որ 1982-ին կ’այցելէ Քանթերպուրի` անկլիքաններուն Մայր Եկեղեցին:
Առաջինն է, որ 13 Ապրիլ 1986-ին կ’այցելէ Հռոմի Հրեաներու Տաճարը:
Առաջինն է, որ 6 Մայիս 2001-ին ոտք կը դնէ մզկիթի մը մէջ, Դամասկոսի Ոմմաեատիի մզկիթը:
2000 թուականին` Յոբելինական տարւոյն ընթացքին, Կարտինալներու հետ համապատարագի ընթացքին, Աստուծմէ ներողութիւն կը խնդրէ` Եկեղեցւոյ զաւակներուն անցեալի եւ ներկայի գործած մեղքերուն համար:

Յովհաննէս Պօղոս Բ. հաստատած է մի քանի կարեւոր ''Համաշխարհային Օրեր''. Ինչպէս են` երիտասարդներու, հիւանդներու եւ նուիրեալներու համաշխարհային օրերը: Ինչպէս նաեւ Ասիզիի` խաղաղութեան համար յատկացուած աղօթքի օրը (27 Հոկ. 1980)

Առաջին Պապն է, որ 1986-ին կը հրատարակէ Սուրբ Աթոռի հաշուեկշիռը:

1983-ին կը հիմնէ Վատիկանի Կեդրոնական Հեռուստակայանը:

Առաջինն է, որ 28 մայիս 1982-ին կը մեկնի Մեծն Բրիտանիա:

Առաջին Պապն է որ կը բանայ դիւանագիտական ուղիները Ռուսաստանի, Իսրաէլի, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու հետ, որոնք զրկուած էին Սուրբ Աթոռի հետ պաշտօնական յարաբերութիւններէ:

1992-ին` Վատիկանի Բ Տիեզերական Ժողովի բացման երեսնամեակին առիթով կը հրատարակէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը:







All the contents on this site are copyrighted ©.