Հոլլանտ քննադատած է Էրտողանի յայտարարութիւնը եւ խոստացած ցեղասպանութեան 100-ամեակին
Երեւան ըլլալ
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ քննադատած
է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հայերուն ուղղուած ցաւակցական ուղերձը եւ
զայն անբաւարար նկատած է: Հոլլանտ Փարիզի մէջ մասնակցած է հայ համայնքին կազմակերպած`
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման: Կոմիտասի 2003-ին կանգնեցուած արձանին
մօտ խօսք արտասանած Հոլլանտ ցաւակցած է ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներուն: Ան նշած
է, որ ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոգեկոչման մասնակցելու համար 24 ապրիլ 2015-ին պիտի
մեկնի Երեւան: