2014-04-25 13:47:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Ուրբաթ, 25 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսները, որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Հայրը հուսկ ընդունեց Էլ Սալվատորի նորընտիր նախագահ Տիար Սալվատոր Սանչէս Չերէն, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը ու ապա ընդունեց Կարտինալ Փոլիքարբ Փէնկոն` Թանզանիայի Տար էլ Սալամի Արքեպիսկոպոսը, մինչ յետմիջօրէի ժամը 6-ին, ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը։
Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ անոնց Հռոմ ներկայութիւնը կ՛արտայայտէ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ ունեցած անոնց միութիւնը։ Ան ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներու բարգաւաճումին համար ու այդ հողամասին մէջ աւետարանի հռչակումին` հակառակ ժամանակակից բազմաթիւ մարտահրաւէնրներուն։
''Կ՛աղօթեմ որ շարունակէք կառուցել Տիրոջ Թագաւորութիւնը ձեր կեանքի օրինակով եւ աշխատանքով'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարեւոր հարցերուն հայող կաթողիկէ ընտանիքներուն որոնք միշտ աւելի նուազ զաւակներ կը ծննդաբերեն, վիժումին, Կաթողիկէ Եկեղեցիէն հեռացող հաւատացեալներուն ինչպէս նաեւ ամուսնալուծումին ու արժանավայել կեանք մը ապրելու հարցին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ քահանայական կոչումներու նուազումին։
''Քրիստոսի բացակայութիւնը ամենամեծ աղքատութիւնն է'' ըսաւ Քահանայապետը ու ընդգծեց Քրիստոնեայ հասարակութիւններու աւետարանելու պարտականութիւնը եւ մատնանշելով ''Աւետարանի Ուրախութիւն'' առաքելական յորդորագիրին ըսաւ` ''ժամն է վերակենդանացնելու մեզի նուիրուած թանկարժէք հաւատքի պարգեւը, որպէսզի նորոգենք մեր ծառայութեան հոգին ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդին''։







All the contents on this site are copyrighted ©.