2014-04-25 11:38:20

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին
Հայրապետական Պատգամը Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ


«Ձեր սրտերը պիտի հրճուին եւ ոչ ոք պիտի կարենայ ձեր ուրախութիւնը խլել ձեզմէ» (Յովհ 16, 22)
Յիսուսի աշակերտներէն բարեպաշտ կիներ, որոնք Յիսուսի գերեզմանը գացին անուշաբոյր իւղերով անոր մարմինը օծելու համար, գերեզմանը պարապ գտան եւ շուարած մնացին որովհետեւ Յիսուսի մարմինը չգտան: «Յարութիւն առաւ, հոս չէ» (Մկ 16, 6), ըսաւ իրենց հրեշտակը:
Ի՞նչ ըսել է Յիսուս յարութիւն առաւ:
Ըսել է որ Աստուած մահուընէ աւելի զօրաւոր է եւ աւելի՛ զօրաւոր՝ մահուան պատճառէն ալ որ է Սատանան:
Այդ կը նշանակէ որ Աստուած կարող է մեռած մարդուն նոր կեանք մը տալ: Յիսուս կարգ մը անձերու յարութիւն տուաւ, ըստ սուրբ Աւետարանին:
Այդ Կը նշանակէ նաեւ որ Աստուած կարող է մեր կեանքը փոխել, կարող է մեր հպարտութեամբ քարացած սիրտը դարձնել սիրով լեցուն սիրտ մը. ինչքան կարեւոր է ասիկա:
Այդ կը նշանակէ որ Աստուծոյ սէրը կրնայ փոփոխութիւն կատարել իմ, քու եւ ձեր բոլորին սրտին եւ կեանքին մէջ: Եւ ամէնքս կը փափաքինք փոխուիլ եւ աւելի լաւ կեանք մ'ունենալ:
Այս է, սիրելիներ, Զատկուան տօնին իմաստը՝ որ է մարդուն յարութիւնը մեղքէն, մարդուն յարութիւնը յուսահատ եւ տխուր վիճակէն դէպի յոյսի եւ ուրախութեան վիճակը, յարութիւնը չար գործերէն եւ կապանքներէն դէպի բարեգործութիւն եւ ազատութիւն. ասիկա է որ մեզի կը շնորհէ Յիսուսին Յարութիւնը:
Այս փոփոխութիւնները արդեօք կարելի՞ են իմ մէջս, քու մէջդ, մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին: Արդեօք պիտի կարենա՞նք ձերբազատուիլ մեր եսասիրութենէն եւ հպարտութենէն, եւ անցնիլ դէպի անձնուիրումի հոգին, դէպի խոնարհութիւն եւ դէպի ազատութիւն:
Այո՛, պիտի կարենանք, որովհետեւ Աստուած մեզ կը սիրէ. Աստուած մեր հայրն է եւ կ'ուզէ մեր բարիքը, եւ միայն ի՛նք կարող է մեզ փոխել դէպի աւելի լաւ կեանք, մեզ հոգեւոր մարդ դարձնել: Սուրբ Երենէոս այդ հոգեւոր մարդուն ակնարկելով կ'ըսէ. «Մարդը Աստուծոյ փառքն է»:
Յոյժ սիրելիներ, Յիսուս իր հրաշափառ Յարութեամբը յաղթեց մեր մեծ թշնամիին՝ Սատանային: Եւ մենք ամէնքս մկրտուեցանք Յիսուսի մահուան եւ Յարութեան մէջ, որպէսզի մենք ալ կարենանք յաղթել մեր թշնամիին, յաղթել մեր կեանքին մէջ եղած ամէն չարին, յաղթել Սատանային եւ անոր բոլոր չար գործերուն՝ անձնասիրութիւնը, անտարբերութիւնը եւ ծուլութիւնը:
Ասոր համար, մեր յոյսը միշտ վառ կը մնայ հիմնուած ըլլալով Յիսուսին յարութեան վրայ: Սակայն, այս յոյսը կը կարօտի ամենօրեայ աղօթքի: Աղօթքն ալ կը նախատեսէ հաւատքը եւ անով կը զօրանայ: Եւ մենք կը նշմարենք որ երբ մեր հաւատքը տկարանայ, չենք աղօթեր, ի բացառեալ անշուշտ երբ նեղի մատնուինք, մենք կամ մեր զաւակներէն մէկը նեղի մատնուի՝ ծանր հիւանդութեամբ կամ գործի պակասէն եւ կամ նիւթական տագնապի պատճառով, եւ կամ ալ տեղափոխութեան հետեւանքով՝ ինչպէս է պարագան մեր սիրելի եղբայրներուն՝ սուրիահայերուն:
Հաւատքը, իր կարգին, կը կարօտի Սուրբ Գիրքի ընթերցումին, խորհրդածելով անոր իմաստին մասին, զայն լաւ հասկնալու համար, եւ անոր խօսքերով ապրելու: Հաւատքը ուրեմն կը նախատեսէ Աստուծոյ խօսքը լսել ինչպէս նաեւ քարոզները, ըստ Սուրբ Պօղոսին որ կ'ըսէ. «Հաւատքը կու գայ քարոզութենէն, եւ քարոզութիւնը՝ Յիսուսի խօսքին աւետումն է» (Հռոմ 10, 17):
Յիսուսին Յարութիւնը, որ կը տօնենք ամէն տարի, պարզ յիշատակի կրկնութիւն մը չէ, այլ ան մեզի կ'աւետէ մե՛ր յարութիւնը մեր ներկայ վիճակին մէջ՝ այսօր, այս տարի: Այս բարի լուրը մեր սրտին մէջ կ'ամրացնէ մեր յոյսը: Եւ մեր յոյսը, իր կարգին, կը զօրացնէ մեր հաւատքը, որ կը սնանի ամենօրեայ աղօթքով, եւ ան մեզ կը մղէ զայն ուրիշներուն փոխանցելու, մեր կեանքի վկայութեամբ՝ խօսքով, բայց մանաւանդ՝ բարի գործեր կատարելով:
Ուստի, չկայ Քրիստոսի Յարութեան ուրախութիւն առանց հաւատքի, եւ չկայ հաւատք առանց աղօթքի եւ բարի գործերու:
Աղօթքը եւ հաւատքը անբաժան ընկերներ են, եւ մէկը առանց միւսին գոյութիւն չունի: Ասոր համար, անհրաժեշտ է օրուան մէջ ժամանակ գտնել աղօթքին համար, որ է մեր հաւատքին եւ հոգեւոր կեանքին սնունդը: Եւ ինչպէս որ մեր մարմինը առողջ պահելու համար օրը երեք անգամ կ'ուտենք, եթէ ոչ կը տկարանանք ֆիզիքապէս եւ կը հիւանդանանք, նոյնն է պարագան մեր քրիստոնեայ կեանքին եւ մեր հոգին առողջ պահելու համար: Ան ալ կը տկարանայ եթէ Սուրբ Գիրքի ընթերցումով, բարեգործութիւններով եւ աղօթքով՝ օրը որոշ ժամանակ մը անոնցմով չսնանի: Ասոնք անհրաժեշտ սնունդներն են, եթէ կը փափաքինք պահել մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ եւ յուսախաբութիւններէն դուրս գալ:
Յիսուսին Յարութիւնը, անոր յաղթանակը մեղքին եւ մահուան վրայ, անոյշ պատմութեան մը վախճանը չէ, կ'ըսէ Ֆրանչիսկոս, սրբ. Քահանայապետը, այլ ան Աստուծոյ միջամտութիւնն է այնտեղ ուր կը ջախջախուի մարդկային յոյսը եւ մարդը ինքզինք անելի առջեւ կը գտնէ: Սրբ. Պապը կը խրատէ որ խաչը համբուրենք, շատ անգամ համբուրենք, եւ ըսենք՝ «Յիսուս իմ, շնորհակալութիւն»:
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, յիշենք Աստուծոյ բարիքները, անոր անհուն սէրը եւ համբերութիւնը մեր տկարութիւններուն դիմաց: Կ'ուզեմ ուղղել ձեզի հետեւեալ Սաղմոսը, որ կ'ըսէ. «Գոհացում ուղղեցէք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ անոր սէրը կը մնայ յաւիտեան» (Սղ 117, 1):
Ձեր ընտանիքներուն, մօտիկներուն եւ հեռաւորներուն, փոխանցեցէք այս ուրախութեան, յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամը, որ ամէն տարի կը նորոգուի, նոր կորովով կը նորոգուի:
Թո՛ղ Յարուցեալ Յիսուսը, որ յաղթեց մեղքին եւ մահուան, ձեզի բոլորիդ նեցուկը ըլլայ: Խօսքս կ'ուղղեմ մանաւանդ անոնց որոնք կարիքաւոր են, անոնց՝ որոնք բազմաթիւ մտահոգութիւններ ունին: Օրհնեալ ըլլաք ձեր հաւատքի վկայութեան համար:
Բոլորիդ կը կրկնեմ գուրգուրանքով աս Զատկուայ պատգամը: Յարուցեալ Քրիստոսը թո՛ղ ձեզ առաջնորդէ, ինչպէս նաեւ առաջնորդէ ձեր բոլոր սիրելիները՝ յոյսի, սիրոյ եւ խաղաղութեան ուղիներէն:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց







All the contents on this site are copyrighted ©.