2014-04-25 11:24:27

Մայրութեան խորհուրդը


RealAudioMP3 Մարդուն մէջ իղձն ու բաղձանքը զուգահեռ կ՛ընդանան սրտի բախումին հետ: Մայրը այս աշխարհի վրայ ամէն բան է` կեանքը կեանքին, լոյսը լոյսին, ժպիտը ժպիտին: Մարդկային կեանքին մէջ մայրերը շատ մեծ տեղ, իմաստ ու կարեւորութիւն ունին: Կեանքը ամբողջ հիմնուած է մայրութեան գաղափարին, ծնունդ տալու հրաշալի իրողութեան ու անկէ եկող գուրգուրանքին ու սիրոյն վրայ, որոնց փորձառութիւնը գրեթէ համայն մարդկութիւնը ունի:
Նորածին մանկան մը առաջին ու լաւագոյն խնամատարը, դաստիարակը ու ապա ուսուցիչը, առաջնորդն ու նոյնիսկ կեանքը իրեն համար զոհաբերողը իր մայրն է:
Մօր ուրախութիւնը երկունքի ցաւերէն ետք, աչքի լոյսի աւետիս կը տրուի մանկան լոյս աշխարհ գալուն, ցնծութիւնը անբացատրելի կը լայննայ հոգիին մէծ մօր, երանութեան յայտնութիւնը տեղի կ՛ունենայ զգլխիչ: Աստուածային արարչութեան պատկերը կը տեսնէ մայրն իր յղագումին պտուղն տեսնելու, բարի պտուղը, որուն կեանքի ծարն է մայրը. նոյնինքն դրախտ մը անայլալ երջանկութեան մանկան համար, ուր մահուան խաւարն իսկ չ՛երեւիր, այլ կեանք մը նորաստեղծ, նորածին մը, որ արեւ կը տեսնէ մօր աչքերուն մէջ եւ անոր լոյսովն ու սիրոյն ջերմութեամբը կ՛աճի դանդաղ, բայց կը դիմէ դէպի կեանք, դէպի լոյս, դէպի ապագան, որով պիտի ժպտի ինչպէս նորաբողբոջ ծաղիկը, որ կը շողայ արեւուն առաջին ճառագայթին հպումովը, խորհրդաւոր մը, որ կը ստեղծագործէ շունչին ուժով, աչքին ժպիտով, թաթիկներուն շարժումով, որովհետեւ մօր աչքերուն խորհրդաւոր կենսագործութիւնը կայ հոն:
Կեանքի ծիրը կ՛ընդլայնի տակաւ, ամէն օր քիչ մը աւելի կը տարածուի զգայարանքներուն ընկալումով, եւ շարժումը րոպէական աչքերուն եւ փափուկ ձեռքերուն որ բնազդական մղումով հպումը տեղի կ՛ունենայ այն ամէն ինչին որ մօրն է: Մայրն եւ մանուկը երկու մոլորակներ մին մոյսին շուրջ, իրարմով ամբողջացած, իրարմով միայն կրնան բացատրուիլ իբր անբաժանելի միասնութիւն, լրումը կեանքի ստեղծման եւ մանաւանդ կատարումն արարչագործ զօրութեան:
Մանուկը յայտնութիւնն է կեանքի մեկնակէտին, իսկ մայրը` արտահոսումն է ծնողական կեանքին: Մեր Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն համաձայն մայրութեան գաղափարը բարձր ու վսեմ խորհուրդ մըն է, որու բարձրագոյն արտայայտութիւնը խտացուած է սուրբ Աստուածամօր անձին մէջ:
Մայրութիւնը Աստուծմէ տրուած շնորհք է, մեծագոյն պարգեւն է: Սուրբ Կոյս Մարիամը Քրիստոսի մայրն էր: Բայց խաչին վրայ` անլուր չարչարանքներուն մէջ, Տէրը պատուիրեց, որ ան Իր սիրելի աշակերտի` Յովհաննէս աւետարանիչի մայրը դառնայ, այսինքն ամբողջ մարդկութեան «Ահա՛ քու որդիդ», նաեւ` «Ահա՛ քու մայրդ… Աստուածածնի պարագային չկար երկրաւոր հայր, որովհետեւ Աստուածն էր մարդացողը: Եղաւ միայն երկրաւոր մայր` առանց հօր, եւ այդպէս մայրութեան պատիւը կրկնապատկուեցաւ:
Չմոռնանք, որ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաջին ականատես-վկաները նոյնպէս կանայք էին` իւղաբեր կանայք: Աստուած անով եւս պատուեց կանանց: Ու թէեւ առաքեալներուն վիճակուած էր ամբողջ աշխարհը լուսաւորել Քրիստոսի լոյսով, սակայն առաջինը կանայք էին, որ բարբառեցին. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:







All the contents on this site are copyrighted ©.