Կարտինալ Թոռան կոչ կ'ուղղէ քրիստոնեաներուն եւ պուտտայականներուն ըլլալու հաշտարարներ։
''Քրիստոնեաները եւ պուտտայականները կանչուած են ըլլալու հաշտարարներ, կարող կործանելու
բաժանումի պատերը ընկերութեան մէջ'', հաստատած է կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական
երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, իր պուտտայականներու Վեսախ` լոյսի տօնին առթիւ
ուղած պատգամին մէջ։ ''Մեր յոյսն է, որ միջկրօնական երկխօսութիւնը ճանչնալով տիեզերական
բարոյականի հիմնական սկզբունքները սատարէ ամրապնդելու մարդկային ընտանիքի բոլոր անհատներու
միջեւ միութիւնն ու եղբայրակցութիւնը'' գրած է միշտ Կարտինալ Թոռան իր պատգամին մէջ։
Յայտնենք որ Վեսախի տօնը կը վերակոչէ Պուտտայի կեանքի կարեւոր հանգրուանները։ Կը յիշատակուի
լուսնի տարւոյն 6-րդ ամիսը լիալուսինի օրը, արարողութիւններ ու թափօրներ կատարելով տաճարներու
շուրջ։