2014-04-25 11:30:54

Գոհաբանական Պատարագ Խօսէ Անքիէթայի սրբադասման առիթով


Հինգշաբթի, 24 ապրիլին երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Հռոմի ''Սանդ Ինիացիօ Տի Լոյոլա Ին Քամբօ Մարցիօ'' եկեղեցին եւ հոն նախագահեց
Սուրբ Խօսէ Անքիէթայի նուիրուած գոհաբանական պատարարգին։
Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը ակնարկելով օրուայ Աւետարաի ընթերցումին, խօսեցաւ Առաքելաներուն հմայքին մասին երբ անոնք տեսան Յարուցեալ Յիսուսը։ Անոնք չհաւատացին ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապը որովհետեւ իրնեց ուրախութիւնը շատ մեծ էր։
Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացնելով հուսկ ''Սուրբ Խօսէ Անքիէթայի'' վրայ ըսաւ.
''Սուրբ Խօսէ Անքիէթան նաեւ, գիտցաւ հաղորդել՝ Տիրոջ հետ իր ապրած փորձառութիւնները, ինչ որ տեսած եւ լսած էր Անորմէ։
Ան, 19 տարեկանին, Սուրբ Ինիացիօ Տի Լոյոլայի կողմէ, որպէս առաջին Յիսուսեան միաբան, ուղղարկուեցաւ Ամերիկա։ Սուրբ Խօսէ Անքիէթան ոչ աստուածաբանութիւն եւ ոչ ալ իմաստասիրութիւն ուսանած էր, բայց ան զգաց իր վրայ Քրիստոսի հայեացքը եւ ուրախութեամբ լի ընտրեց լոյսը։ Ան համայն ազգի մը մշակոյթը հիմնեց Քրիստոսի վրայ։ ''Ասիկա եղաւ անոր սրբութիւնը'' հաստատեց Քահանայապետը ու ապա քարոզը եզրափակեց մատնանշելով Սուրբ Խօսէ Անքիէթայի Աստուածամօր նուիրած մէկ տաղին։







All the contents on this site are copyrighted ©.