2014-04-24 12:45:33

Էրտողանի Ապրիլ 24-ի նախաշեմին «Հասարակաց Ցաւը» ընդգծող յայտարարութիւնը կ’ամրագրէ ուրացման մօտեցումները։


Չորեքշաբթի 23 ապրիլին աշխարհի տարբեր լրատուական միջոցներ շտապ հաղորդագրութեամբ տարածեցին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը, որ վերնագրուած է «Ուղերձ` 1915 թուականի իրադարձութիւններուն հետ կապուած» ձեւակերպումով: Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, թէ Ապրիլ 24-ը Թուրքիոյ հայ հայրենակիցներու եւ աշխարհի բոլոր հայերու համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող օր է: Այս մասին կը յայտնէ yerkir.am-ը։
Յայտարարութեան սկիզբի բաժինէն իսկ ան ընդհանրացուցած է 1915-ը իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր ժողովուրդներու վրայ ազդեցութիւն ունեցած ահաւոր թուական:
Յայտարարութեան մէջ բառացիօրէն կ՛ըսուի
«Կը մաղթենք, որ 20-րդ դարասկիզբի իրադարձութիւններուն ժամանակ զոհուած հայերուն հոգիները խաղաղութեան մէջ հանգչին, իսկ անոնց թոռներուն կը փոխանցենք մեր ցաւակցութիւնները: Յոյսով եւ հաւատքով, որ իրար նման սովորութիւններով ու աւանդոյթներով հինաւուրց ժողովուրդները, ովքեր կը պատկանին բարդ եւ զարմանալի տարածաշրջանի մը, կը կարողանան միասին եւ արժանապատուօրէն յիշել իրենց անցեալն ու կորուստները»:
Երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ Էրտողան կը շարադրէ թրքական պետութեան արդէն տասնամեակներ շարունակուող ուրացման մօտեցումները, միաժամանակ կը կրկնէ պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ձեւաւորելու, արխիւները բանալու մասին յայտարարութիւնները: Ողջ յայտարարութեան մէջ թափանցիկ ակնարկներով կը պնդէ, որ 1915-ին տուժած են ոչ միայն հայերը, այլեւ տարբեր ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ: Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին շրջանին բազմաթիւ փորձագէտներ կը նշէին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին Թուրքիան լայնածաւալ գործողութիւններու պիտի դիմէ եւ այս յայտարարութիւնը եւս նոյն ծրագրին մէջ եղած ըլլալ կը թուի: Յատկանշական մէկ փաստ` յայտարարութիւնը տարածուած է քանի մը լեզուներով, որոնց մէջ նաեւ` վատ թարգմանուած արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով:








All the contents on this site are copyrighted ©.