2014-04-24 09:13:29

Անարատ Յղութեան Միաբանութիւնը եւ ապրիլ 24-ը` խոկումներ


1915, Ապրիլ 24...

Ապրիլ 24.... Պարզ երկու այս բառերու մէջ խտացուած է ահեղ պատմութիւնը մեր լեռներուն, ձորերուն, դաշտերուն` Հայու քրտինքով, հայոց արաքսայորդան արիւնով ոռոգուած: Պատմութիւնը Հայուն, պատմութիւնը մեր մտաւորականներու, արուեստագէտներու, բանաստեղծներու, որոնց հանճարի լոյսը ամբողջութեամբ չսփռուած, պատմութիւնը մեր կղերականներու, մեր Քոյրերու, որոնց շրթներէն հանապազ շատրուանի մը առատութեամբ կը ցայտին խունկ ու աղօթք, երգ ու շարական: Վերջապէս պատմութիւնը ամբողջ ազգի մը, որ կը ցանկար, լոյս... Կը փնտռէր գեղեցիկը եւ ճշմարիտը:
Իսկ ի՞նչ կ՛ուզէր մարդակերպ գազան մարդն այդ ազգէն: Հայէն... Կ՛ուզէր սպաննել անոր Հայ Ոգին, Մշակոյթը, բնաջնջել Սերունդը:
Ահա՛ այս էր հայաջինջ ծրագրին ալֆան... օմեկան...
Հայր Սահակ եպիսկոպոս կոգեան իր ճառերուն մէջ կը շեշտէր.
»Ինչու՞ գազանակերտ մարդիկ յղացան` դժոխային ծրագիրն այն` բնաջնջել ազգ մը, որովհետեւ ոչ միայն Հայ էր, այլ քրիստոնեայ, ոչ միայն տարբեր էր բնական արիւնով, ցեղով, այլ սրսկուած ու սրբուած Քրիստոսի արիւնով, ո՛չ միայն անոնք կը նախանձէին ազգին բնական ձիրքերուն, ստացուածքներուն, արտերուն, արջառներուն, այլ կ՛ատէին անոնց կրօնը...
Այդ Քրիստոսադրուժ հոգիով խուժանը կը կատարէր հրամանը թալաաթին, կործանել, առեւանգել, տանջել, սպաննել Ազգ մը:
Այո՛, Հայուն մէջ կը փնտռէր Քրիստոսը` վերստին խաչելու, Հայուն մէջ կը փնտռէր Քրիստոսի կրօնն ու հաւատքը: Եւ հարիւրներով խաչ կը բարձրացնեն ու կը ջարդեն, քանի հարցը միայն Հայու մասին չէր, այլ Փրկչին` Քրիստոսի:
Եւ Հայը տոկաց, չուրացաւ Քրիստոսը, որպէսզի Քրիստոս չուրանայ Հայը: Քրիստոսի սիրով, խաչի հաւատքով` յուսահատութեան յորձանքներու դէմ մաքառեցաւ, յոյսով Խաչի ուժով, ժամանակաւոր պարտութեան գնով ապահովելու Յաւիտենական կեանքն ու երկիրը:

Քրիստոս դատաւոր կենդանեաց եւ մեռելոց, Ան միայն գիտէ թիւը իր Հայ վկաներուն` որոնք իր սիրով զօրացած` իրենց արեամբ ողողեցին երկիրը, եւ յաղթական սլացան երկինք...

Այո՛, թշնամին պարտուեցաւ անոնցմէ` որոնց լեզուները պոկեց, բայց չկրցաւ ուրացում ստիպել հայ մեծասքանչ բարբառը, պարտուեցաւ անոնցմէ, որոնց սրտերը խոցեց ի մահ, բայց չկրցաւ կորզել սէրը Քրիստոսի:

Մեր նահատակներուն մեծագոյն հռետոր, ճարտասան, պերճախօս գրիչը` Գերապայծառ Սահակ եպիսկոպոս Կոգեան)1895-1963(, որ հանդիսացաւ Հայութեան առաջին ամենազդու բեմասացը, որուն շրթնէրեն կախուած հազարաւոր հայորդիներ եւ հայուհիներ` անշշուկ, երկիւղած կ՛ունկնդրէին կրօնաշունչ` ազգասէր սրտէն յորդած խօսքերը: Նա բռնադատուած կ՛անդրադառնայ միայն ապրիլեան եղեռնի: Եղեռնապատում առաջին ճառին խորագրի »Ազգային Խիղճը« որու իբրեւ նշանաբան ընտրած է Օ՛գոննոր քաղաքապետին սահմանումը. »Ամէն Հայ կարող էր այսօր ապահով եւ երջանիկ ապրիլ պայմանով, որ ան հրաժարէր Քրիստոսի Աւետարանէն` ընդունէր կիսալուսինը«: Իր ճառին մէջ Հ.Կոգեան կը պատկերէ Հայ ազգը իբր »սաղարթախիտ, պտղազարդ, հսկայ, բազմադարեան« ծառ` որ ունի խորարձակ արմատներ հաստաբեստ բուն, տարածուն հովանաւոր ճիւղեր, բարունակներ, ոստեր«:
Բայց ահա կը ծագի »Նոր մրրիկ մը` կատաղի«, որու զոհ կը դառնան դալար, մեծամեծ ճիւղեր, կը բաժնուին,կ՛իյնան: Անգթօրէն սաղարդաթափ »տերեւներն« իսկ չեն հեռանար մայր բունէն, կը ծածկեն իրենց արմատները, ինչպէս Ապրիլեան նահատակներէն երեխայ, պատանի, պարմանի, երիտասարդ զոհեր կը գրկեն Հայրենի հողը եւ իրենց արիւնով կ՛ոռոգեն անոր բջիջները....
Հայր Սահակ Եպիսկոպոս Կոգեանի համար` Հայ Ազգային խղճի քառանկեան բովանդակութիւնը կը կազմեն` Կրօն, Հայրենիք, Պատիւ եւ Ազատութիւն: Նա, գիտակից, համոզուած իր ըսածին, ո՛չ մի վայրկեան կ՛երկմտի, որ Ապրիլեան նահատակները եթէ չքալէին իրենց արիւնագիր ու մահատար երթը...
»Պիտի ապրէինք, թերեւս նիւթապէս հանգիստ...
Պիտի ապրէինք թերեւս մեր ցանկացած հողի վրայ,
բայց զրկուած այն օրհնութենէն....
Պիտի վայելէինք թերեւս մեր սիրելիները,
բայց անոնց ներկայութիւնը պիտի սրէր մեր մէջ...
Գիտակցութիւնը մատնիչի :
Մէկ խօսքով, պիտի ապրէինք, բա՜յց... յուսակտուր, յուսաբեկ, արհամարուած ազգերէ, դատապարտուած պատմութենէ...
Անփառունակ խղճի խայթը, լսելի պիտի ընէր իր ահաբեկիչ ձայնը` վրէժխնդիր.
Ո՛վ հայորդի, ու՞ր ես... ի՞նչ եղաւ...
Ի՞նչ ըրիր կրօնդ, ազգդ, պատիւդ, ազատութիւնը` խիղճդ...«
Փա՜ռք Ապրիլեան անմահ նահատակներուն` որոնք իրենց բոսոր, անխառն արեան մէջ ընկղմեցին կարելիութիւններն այս դժնեայ...
Այսօր անոնց շնորհիւ, Հայու խղճին փայլը ոչ միայն արատազուրկ է եւ անստուեր, այլ աւելի շողշողուն` ներկուած, սրբուած, բիւրաւոր մարտիրոսներու արիւնով:
»Արեան ծովու կը փոխուեցաւ հայրենիքը... կը փրկուի թէ՛ ազգ, թէ խիղճ«:
Հայր Կոգեան կը հաստատէ, շնորհիւ Ապրիլեան նահատակներուն, վերստին իրականացաւ այն ճշմարտութիւնը` որ մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրը յայտնեց հեթանոս Տրդատ Արքային եւ անով կը վերյիշեցնէ բոլորիս. »Նահատակներու արիւնով ազգ ու կրօն չեն ջնջուիր«:
Ան կ՛ըսէ.
»Մեր նահատակներու արիւնը մեր սերմն է.
Մեր ոգին` մեր կեանքն է:
Ձորչափ կա կորովը նահատակուելու, ազգին վիճակը ապահով է... Զի անայլայլ կը մնայ Հայ ազգային խիղճը իր պանծալի պատմութեամբ:
Ապրիլեան նահատակները փրկեցին Հայ Ազգային խիղճը:
Եպիսկոպոս Կոգեանի նպատակը եղած է դրսեւորել եկեղեցւոյ Քրիստոսադիր աստուածային Ոգին:
Նա լսելի ըրաւ իր պերճախօս, անդիմադրելիօրէն առինքնող ապրիլեան փառապանծ պատգամները, ազնուական յորդորները, ազատատենչ յաղթերգերը, զորս մեղրածորան եւ առատաբուխ շրթները հնչեցուցին վաեղեմի ոսկեղինիկ օրերուն: Ժամանակը դեռեւս երբեմն լռեցուց, բայց ոչ առյաւէտ:
Մեր ազգը կը կրէ նշանները հինգ սուրբ Վէրքերուն: Վիրալից ազգ... զարնուած` գլխէն, խոցուած` սրտէն, գամուած` ձեռքերէն ու ոտքերէն: Դարաւոր խաչելութիւն է մեր պատմութիւնը:
Բայց արիւնոտ վէրքերու կը յաջորդեն լուսաշող սպիներ: Քրիստոսի հաւատքով ու սիրով սպաննուիլը կը նշանակէ ընդառաջ երթալ փառաւոր Յարութեան: Անխախտ է հաւատքը մեր նահատակներու: Անոնց խնկելի յիշատակը միշտ է ազդու, խրախոյս մեր հաւատքին ու սիրոյն:
Անարատ Յղութեան Միաբանութիւնը տեղահանութեան շրջանին լայն չափով Հայ նահատակութեան տուաւ 13 Քոյրերու »Բանաւոր ողջակիզումը... Զոհեր փրկութեան, անարատ որոջք ընծայուած Աստուծոյ« )Շարական Ս. Հռիփսիմեանց(:
Միաբանութիւն մը, որ կը սրբացնէ իր անդամներն ու կը տանի մահուան սեմէն անդին` ընդ առաջ Երկնաւոր Փեսային` գերագոյն նպատակին:
Անարատ Յղութեան Միաբանութիւնը հիմնուած 1847 թուականին, Յունիս 5-ի կոնդակով, Կոստանդնու Պոլսոյ մէջ երջանկայիշատակ Անտոն Պետրոս Թ.Հասուն Պատրիարքէ, կանոնապէս հիմնուած եւ հաստատուած »Ի պատիւ Անարատ Յղութեան Ամենասրբուհի Կուսին Մարիամայ Աստուածածնի Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը«:
Միաբանութեան վախճանն է` կազմել, պատրաստել սրբակեաց ազնիւ, անձնուէր, աշխարհէ անջատուած անձեր, որոնք ոչ միայն ուխտադրութեամբ, այլ նաեւ առաքինական վարժութեամբ, կանոնապահութեամբ կը զբաղուին դաստիարակութեամբ իգական սեռի սահմանեալ վարժարաններու մէջ :
Մարուշեան Արքեպիսկոպոս կը ներկայացնէ Տէր Անտոնիը այսպէս.
»Տէր Անտոն Հասունը միայն էր այն անձը, որ պահանջուած ձիրքերով օժտուած ըլլալէ զատ` լաւ տեսնուած է, առհասարակ, բոլոր ազգէն, նկատուած է իբրեւ անկողմնակալ եւ յարգուած` յատկապէս իր խոհեմութեամբ, անբասիր վարքով եւ ընդունակութեամբը գործելու մէջ«:
Անտոն Հասուն իր պաշտօնավարութեան առաջին օրէն կը զգայ պէտքը աղջկանց տոհմիկ դաստիարակութեան եւ անոր կարեւորութիւնը` հաստատութեան մը, որ նուիրուէր յատկապէս այդ մեծ ու փափուկ գործին: Նախախնամութիւնը իր դէմը կը հանէ այդ ձեռնարկին յարմար ու պատրաստուած գործակից մը, ճիշտ այն պահուն, երբ կրնար ընթացք տալ իր ծրագրին: Այդ նախախնամական գործակիցը եղաւ Հաճի Անտոնեան Սրբուհի Մայրապետ, որու անունը` այնքան անծանոթ եւ ստուերի տակ մնացած է հայութեան մէջ` նոյնքան արժանի է ճանչցուելու եւ հռչակուելու:
Անտոն Հասունի յատուկ եւ վճռական խօսքը կը համապատասխանէր Հաճի Անտոնեանի խորունկ զգացումներուն.
»Փոխանակ փակուելու Անգոնայի մէջ` հեռու միջավայրէ, հոս պիտի մնաս եւ պիտի գործես, շուրջդ ժողուելով ազգիդ աղջկունքը, մանաւանդ աղքատները«:
Հասունեան Աթոռակալը ավելի բացայայտօրէն կը պարզէ իր մտադրած եւ հետապնդած ծրագիրը: Նա եւ Մայր Սրբուհի Հաճի Անտոնէանը կը կազմեն Հայազգի Հաւատաւոր Կոյսերու խումբ մը, պատրաստելու զանոնք Վանական կեանքի... Եւ ի վերջոյ` անոնցմով կը հիմնեն Միաբանութիւնը Հայ Մայրապետներու, որով կանոնապէս հիմնուած եւ հաստատուած »Ի պատիւ Անարատ Յղութեան Ամէնասրբուհի Կուսին Մարիամ Աստուածածնի Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը«: Միաբանութիւն մը, որ ունեցաւ յաւէտ խնկելի անուններով դիւցազուններ, որոնք »Մարտիրոս եւ Կոյս` ընծայուած Աստուծոյ, կուրծք տուին մահուան` խաչակից եղան Արարչին« (Շարական Ս. Հռիփսիմեանց):








All the contents on this site are copyrighted ©.