2014-04-23 11:37:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք'':


Չորեքշաբթի, 23 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանաապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Զատկուայ` Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեան խորհուրդի ուրախութեան վրայ, որ ''իսկական, խոր ուրախութիւն մըն է, հիմնուած այն վստահութեան` թէ Քրիստոս այլեւս չի մեռնիր, այլ կ՛ապրի ու կը գործէ Եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ'' ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ ''այս վստահութիւնը կը բնակի ամէն հաւատացեալի սրտին մէջ այդ առաւօտէն ի վեր, երբ կիները այցելեցին Յիսուսի գերեզմանը ու հրեշտակները անոնց ըսին ''Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք'' (Ղուկաս 24.5):
Մեր կեանքին ընթացքին քանի անգամ կարիքը կը զգանք լսելու այս նախադասութիւնը ձեռբազատուելու համար դժուար եւ յուսալքումի պահերէն։ Կամ այն ժամանակ երբ կը մոռնանք զԱստուած ու մեր յոյսը կը դնենք աշխարհիկ ունայնութիւններուն, դրամի եւ յաջողութեան վրայ։
Յիսուս այլեւս գերեզմանին մէջ չէ, այլ Յարութիւն առաւ, ողջ է։ Ան Եկեղցին կը վերանորոգէ ու զայն կ՛առաջնորդէ դէպի Իրեն։ Երբ մենք զմեզ փակուած կը զգանք մենք մեր մէջ, երբ լքուած ու բանտարկուած ըլլանք մեր մեղքերուն մէջ, վերունկնդրենք հրեշտակի խօսքերը ''Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք''. Խօսքեր` որ մեզ կը ձեռբազատեն տխրութենէն ու մեզ կը բանան ուրախութեան եւ յոյսին։ Այն յոյսը որ կարող է գերեզմանին քարերը տապալել ու մեզ քաջալերել հռչակելու Բարի Լուրը որ կարող է նոր կեանք պարգեւել։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսկեալներուն, զանոնք խրախուսելով որպէսզի Զատկական աւետիսը շարունակէ վառ մնալ սրտերուն մէջ։
Սիրելի երիտասարդներ` ձեր հաւատքը ապրեցէք խանդավառութեամբ, այն համոզումով որ միայն Յիսուս մեզի կու տայ իսկական եւ մշտատեւ երջանկութիւնը։ Սիրելի հիւանդներ, ձեր ցաւերուն միակ մխիթարութիւնը այն գիտակցութիւնն է թէ` Քրիստոս Յարեաւ, եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ձեր ամուսնական կեանքը ապրեցէք իսկապէս յարելով Քրիստոսին ու աւետարանի ուսուցումներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.