2014-04-21 13:01:41

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ''Ուրախ լեր'' Մարեմեան աղօթքը


Երկուշաբթի, 21 ապրիլ 2014։ Քրիստոս Յարեաւ Ի մեռելոց։
Հռոմի եկեղեցին այսօր կը նշէ Հրեշտակի երկուշաբթին, որով սկիզբ կ՛առնէ յինանց շրջանը եւ որուն ընթացքին կը նշուի Յիսուսի գերեզմանը այցելող կիներու՝ Հրեշտակին հետ հանդիպումը, երբ Ան վախ ու թողի մէջ գտնուող կիներուն կը հաղորդէ « Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ Ան Յարութի՛ւն առաւ:»
Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն, որուն ընթացքին կատարած խորհրդածութեան սկիզբը՝ ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու Քոյրեր, շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ,“Cristòs anèsti! – Alethòs anèsti!”, Քրիստոս Յարեաւ, իրապէս Յարեաւ։
Սրբազան Պապը ապա հաստատեց, թէ աւետարանիչներու Յարութեան պատումէն, ի յայտ եկող տիրապետող զգացումը, զարմանքով լի՝ ուրախութիւնն է։
Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցուց, թողունք, որ Զատկուայ ուրախութեամբ լի՝ զարմանքը, ճառագայթէ' մեր մտածումներուն , հայեացքնրուն եւ խօսքերուն ընդմէջէն։
Ան ապա մատնանշեց Մարիամ Մագդանեղացիին ապրած փորձառութեան ու հաստատեց, թէ
նման փորձառութիւն ապրողը, Յիսուսի Յարութեան վկան կը դառնայ եւ պիտի կարողանայ, Յիսուսի Յարութեան լոյսի ճառագայթը փոխանցել ուրիշներուն։
Այս շաբթուայ ընթացքին, մտաբերենք Տիրամօր ուրախութիւնը, յարեց Նորին Սրբութիւնը, ինչպէս խորին էր անոր ցաւը, նմանապէս մեծ եղաւ անոր հրճուանքը։
Ան մեռաւ Յիսուսին հետ, անյարութիւն առաւ Յիսուսին հետ։
Տիրամայրը՝ երբեք յոյսը չկորսնցուց, եւ ասոր համար է, որ Տիրամայրը՝ Մայրն է Առաքեալներուն եւ Եկեղեցւոյ։
Ուրախ լեր աղօթքով, խնդրենք Տիրամօրմէ, որ մեզ առաջնորդէ Զատկուայ ուարխութեան մէջ. եւ այս կ'ընենք Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքով ըսաւ Քահանաապետը։ Աղօթքի աւարտին , ողջունեց հրապարակի մէջ գտնուող հաւատացեալները եւ անոնց դարձեալ մաղթեց՝ բարի Հրեշտակի երկուշաբթի եւ շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։







All the contents on this site are copyrighted ©.