2014-04-20 10:29:27

''Յարուցեալ Քրիստոսը վկայենք խոնարհ ուրախութեամբ եւ հեզութեամբ'' ըսաւ Քահանայապետը, Սուրբ Զատկուայ ճրագալոյցի պատարագի ընթացքին։


Շաբաթ, 19 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8,30 ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը նախագահեց Քրիստոսի Յարութեան ճրագալոյցի սուրբ արարողութիւնը որուն ընթացքին 10 անհատներու մատակարարեց սուրբ մկրտութեան խորհուրդը։ Արարողութիւնը սկիզբ առաւ կրակավառութեամբ եւ ապա լուսաւորուած մոմերով թափօր մը կազմուեցաւ դէպի Ս. Պետրոսի աւագ խորան, ուր Նորին Սրբութիւնը, ըստ աւանդութեան, մատակարարեց մկրտութեան խորհուրդը եւ որմէ ետք գլխաւորեց Ճրագալոյցի Սուրբ պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ կարտինալական, եպիսկոպոսական եւ քահանայից դասին։ Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը որուն մէջ Աստուծոյ հրեշտակը Յիսուսի աշակերտները կը հրաւիրէ ''երթալ Գալիլիա ու այնտեղ տեսնել Յարուցեալ Յիսուսը'' ըսաւ ` ''Գալիլիան առաջին կոչումի վայրն է, ուր սկիզբ առաւ ամէն ինչ։ Հոն վերադառնալ կը նշանակէ վերագտնել մեր մկրտութեան իմաստը որպէս կեանքի աղբիւր, նոր սլացք տալ մեր հաւատքին ու մեր քրիստոնէական ապրումին։ Կը նշանակէ վերադառնալ այն պահուն երբ Աստուծոյ շնորհքը ինծի դպաւ իմ ուղեւորութեանս սկիզբը։ Ահա այդ ''բոցէն'' կրնամ այսօրուայ կրակը վառել եւ ջեռմութիւն ու լոյս տալ իմ քոյր ու եղբայրներուս, Յարուցեալ Քրիստոսը վկայելով խոնարհ ուրախութեամբ եւ հեզութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.