2014-04-19 09:30:43

Կ.Պոլսոյ Պատրիարքին Զատկական պատգամը։


''Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելց, ''Եկէք'' եղբայրներ ու քոյրեր Տիրոջ մէջ, առէք լոյսը անհատնում լոյսէն, ֆանարէն` օրթոտոքսութեան կեդորնէն եւ միասնաբար փառաբանենք` ''Քրիստոսը, Յարուցեալը մեռելներէն''։
Երկարաշունչ Զատկական պատգամին մէջ Բարթեղոմէոս Ա կը խօսի քրիստոնէական ազատագրումին մասին, որ մեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսի Յարութեամբ։ Ան մեզի կարելիութիւն կու տայ յաւիտենական կեանքը ունենալու, կեանք մը որ ենթակայ չէ ապականութեան, քանի յարութեամբ մարդիկը կը դառնան նմաններ Աստուծոյ երկնային հրեշտակներուն։
Մեր այս օրերուն մահուան ու խաւարի թմբուկները ուժեղօրէն կը հնչեն։ Կարգ մը մարդիկ կը խորհին թէ ուրիշները ջարդելով հարկաւոր ու գնահատելի արարք մը կատարած են, սակայն ողբալիօրէն կը սխալին։ Նոյնպէս ականատես ենք աշխարհի պատասխանատուներու ողբալի խստութեան ու ողորմութեան զգացումի պակասի։
Իր խաչին վրայ մահով` Քրիստոս փոխեց աշխարհի կարգը ու խաչը դասեց անոր գագաթը ուր կը գտնուի նոյնինքն Յիսուս։ Չկայ մարդ մը որ Քրիստոսէն աւելի չարչարուեցաւ, Աստուած – Մարդը որ ''ինքզինք խոնարհեցուց հնազանհելով մինչեւ մահ, եւ մահ Խաչին վրայ։ Ասոր համար Հայր Աստուած զինք բարձրացուց, եւ տուաւ Անոր Անունը, որ կը գերազանցէ ամէն անուն, որպէսզի ի լուր Յիսուսի Անունին կրկնի ամէն ծունկ, երկինքի մէջ, երկրի վրայ եւ դժոխքի մէջ''։
Պատմութիւնը սակայն ցոյց տուաւ որ ճշմարիտ յառաջդիմութիւնը առանց Աստուծոյ, գոյութիւն չունի։ Առանց Աստուծոյ, մարդկութիւնը ողբերգութեան դատապարտուած է։ Յարութիւնը եւ կեանքը, Քրիստոսի պարգեւն ու լոյսն են եւ ամէնուն յայտնի են։ Հետեւաբար գոհութիւն տանք ''Պարգեւին'' համար, շնորհակալութիւն յայտնենք ''Ամենայն Բարեաց''ին։ ''Եկէք'' եղբայրներ ու քոյրեր, առէք լոյսը անհատնում լոյսէն եւ միասնաբար փառաբանենք` ''Քրիստոսը, Յարուցեալը մեռելներէն։ ''Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց օրհնեալ է յարութիւն Քրիստոսի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.