2014-04-16 09:34:12

Օհանեան եւ Նալբանդեան պահեցին իրենց պաշտօնը։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եեքշաբթի 15 ապրիլին առաջին նշանակումները կատարեց նոր կառավարութեան մէջ:
Նախագահի հրամանագիրներով Սէյրան Օհանեան վերանշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար, իսկ Էդուարդ Նալբանդեան` արտաքին գործոց նախարար: Հրամանագիրները հրապարակուած են Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ:
Օհանեան եւ Նալբանդեան պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու պաշտօնները կը զբաղեցնեն 2008 թուականէն ի վեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.