2014-04-15 11:43:10

Ֆրանչիսկոս Պապը, Մայիս 18-ին, պիտի այցելէ Հռոմի ''Աստուածային Սէր'' Մարեմեան սրբավայրը։


Հետեւելով իր նախորդներու օրինակին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յառաջիկայ 18 մայիսին, մտադիր է ուխտագնացութիւն կատարել Հռոմի ''Divino amore'' Տիրամօր սրբավայրը, որ կը գտնուի մայրաքաղաքէն 15 քիլոմեթր հեռու, հարաւ շրջանը։
Նորին Սրբութիւնը, երեկոյեան ժամը 4-ին մարեմեան սրբավայրը կը հասնի ուր կը նախագահէ ս. Պատարագի արարողութեան։ Նախապէս 4 մայիսին Սրբազան Հայրը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի սուրբ Սդանիզլաս լեհ ժողովրդապետութեան։
Նշենք որ ''Divino amore'' մարեմեան Սրբավայրը, հիմնուած 1745-ին, շատ սիրելի է հռոմէացիներուն։
Ըստ աւանդութեան 1740-ին մարդ մը մինչ դէպի Հռոմ կ'ուղղուէր վրան կը յարձակին կատաղի շուներու խումբ մը։ Սարսափած` աչքերը կը բարձրացնէ աշտանակի վրայ զետեղուած Մանուկ Յիսուսը գրկած Տիարամօր սրբապատկերին եւ անոր վերեւը զետեղուած աղաւնակերպ Ս. Հոգիին` ''Divino amore - Աստուածային Սէր'' կը բացակգանչէ` ''Տիրամայր հասիր օգնութեանս'', անոր վրայ կատաղի շուները կը հեռանան։ Դարերու հոլովոյթին հռոմէացիները կը շարունակեն հայցել Աստուածածնայ օգնութիւնն ու բարեխօսութիւնը ստէպ ուխտագնացութիւն կատարելով մարեմեան սրբավայրին։
Պիոս ԺԲ Քահանայապետին (1939-1958) բաղձանքով, երկրորդ հաշխարհամարտի, յետ յուլիս 1943-ի ռմբակոծումին, այնտեղ կը կառուցուի նոր սրբավայր մը։ 4 յուլիս 1999-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը անձամբ կը կատարէ նոր սրբավայրի բացումը։Ներկայիս ‘Divino amore’ մարեմեան Սրբավայրը դարձած է հովուական մեծ կեդրոն մը։ Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եւս(2006-2013), մայիս 2006-ին, ուխտագնացութիւն կատարած էր Հռոմի ''Divino amore'' Մարեմեան Սրբավայրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.