2014-04-15 10:12:28

''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' հաստատութիւնը կը պատրաստուի յուզումով ընդունելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` Տիրոջ վերջին ընթրիքի յիշատակութեան պատարագին։


''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' բարեգործական հաստատութիւնը, ներկայիս Իտալիոյ մէջ օգնութեան կը հասնի եւ կը խնամէ աւելի քան երեք հազար անկարներ։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բաղձանքով 2014-ի ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարուի Հռոմի ''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' հիմնարկի– Նախախնամութեան Տիրամօր կեդրոնին մէջ։ Աւագ Հինգշաբթի օրը` 17 ապրիլ 2014ի երեկոյեան ժամը 5,30-ին, Տիրոջ վերջին ընթրիքի յիշատակութեան պատարագին` Սրբազան Հայրը ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին կեդրոնի 12 անկարներուն ոտքերը պիտի լուայ, ի յիշատակութիւն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքի աւարտին կատարած այն խոնրահութեան վեհանձն ներգործութեան նշանին, երբ լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը։
''Տոն Նիոքի'' հաստատութեան նախագահ` գերապայծառ Անճելօ Բածառի յայտնած է թէ ''բերկրանքով ու յուզումով կ'ընդունինք ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։ Ոտնլուայի արարողութիւնը մեր կեդրոնը կատարելու անոր կամքը պարզ ու համոզիչ ժէստ մըն է Եկեղեցւոյ մը որ միշտ պատրաստ է սպասարկութեան քղանցքը դնելու աղքատին ու դիւրաբեկ մարդուն ի սպաս։
Նորին Սրբութիւնը իր այս կամքով կ'ուզէ գողտրիկ գգուանքը հաղորդել տառապող աշխարհին եւ վկայելու Տիրոջ անհուն ողորմութիւնը հանդէպ իր արարածներուն։ Նշենք որ ամէն օր ''Տոն Նիոքքի'' հաստատութեան կեդրոնը կը յաճախեն աւելի քան 10.000 անհատներ, փնտռելով առողջութիւն, զօրակցութիւն ու գութ։ Ներկայիս Հռոմի կեդրոնի մէջ կ'ապրին 150 անկարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.