՜՜Հաւասի՜՜ Աշուղական համոյթը երկրորդ տարին ըլլալով կը ներկայանայ իւրայատուկ համերգով Կազմակերպութեամբ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, Շաբաթ, 12 Ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը
7:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աշուղ Աշոտին նուիրուած «Հաւասի»
աշուղական համոյթին ելոյթը, ընկերակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներուն եւ ներկայութեամբ
հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու
եւ աշակերտներու: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի
խօսքը արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ «Հաւասի» աշուղական համոյթին նպատակն
է տարածել հայկական աւանդական աշուղական երգերը եւ պահպանել հայ ժողովուրդին մշակութային
ժառանգութիւնը: Ապա «Հաւասի» համոյթը Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբին ընկերակցութեամբ
երգեց «Սիւնեաց սարեր»ը: Պէթի Սուլեան մեներգեց «Մօր Սէրը», որմէ ետք համոյթը ներկայացուց
«Սարուորի երգ»ը (մենակատար` Սէրլի Նեմշէհիրեան): Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Էտուար
Թորիկեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց աշուղական երգարուեստը, ինչպէս նաեւ գուսան Աշոտին
գործունէութիւնը: Դոկտ. Թորիկեան մաղթեց, որ «Հաւասի» համոյթը շարունակէ իր գործունէութիւնը,
որովհետեւ հայերէն կ’երգեն, հայերէն կը խօսին, հայերէն կը մտածեն, հայօրէն կը զգան: Իր
խօսքի աւարտին, դոկտ. Թորիկեան փափաք յայտնեց, որ համոյթը յառաջիկայ տարեշրջանին ներկայացնէ
գուսան Հաւասիին նուիրուած համերգ մը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Անճիկեար»
երգով, մենակատարութեամբ «Հաւասի» համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու Գարմէն Աճէմեանին:
Երգին մենապարով ընկերակցեցաւ Էւա Ղազարեան: Համոյթը Քրիսթին Պէքարեանի մենակատարումով
երգեց «Սարի սիրուն եար»ը: Լիբանանահայ երգիչ Կարօ Կապուտակեան երգեց «Բարի հայրիկ»ը,
որմէ ետք համոյթը ներկայացուց «Կեանք տուր, կեանք առ» երգը (մենակատար` Նաթալի Աբոկեան):
Լիբանանահայ երգիչ Գէորգ Պէպէճեան կատարեց «Յուշարձաններ»ը, որմէ ետք Ճենիֆըր Քաիս, Կասիա
Ժինեան եւ Սէրլի Մաթոյեան երգեցին «Իմ օրօրան»: Երրորդ հիւր երգիչն էր Մանուկ Մինասեան,
որ մեներգեց «Պախրա»ն, իսկ Գօգօ Արոյեանը` «Աշուղ եմ»ը: Կարինէ Ներսէսեան խումբին ընկերակցութեամբ
մեներգեց «Հով գիշեր, զով գիշեր»ը: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ «Սիւնեաց սարեր»
երգի երկրորդ կատարումով` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներուն: Աւարտին, խօսք
առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ «Հաւասի»ն ամբողջովին
իր առաքելութեան կը նպաստէ, երբ հայ աշակերտները հայ աշուղական երգարուեստին կը հետեւին
ու կը կատարեն: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամախօս դոկտ.
Էտուար Թորիկեանին, համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու տիկին Գարմէն Աճէմեանին, հիւր
երգիչներուն եւ բոլոր անոնց որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Անդրադառնալով
շրջանային իրադարձութիւններուն, պրն. Գալուստ ըսաւ. «Մենք Քեսապը պիտի ազատագրենք, պիտի
վերականգնենք եւ «Հաւասի» համոյթը Քեսապի մէջ պիտի ներկայացնենք»: