2014-04-15 10:37:03

Աղօթքով ապրինք Սուրբ Շաբթուայ օրերը


RealAudioMP3 Ծիսական տարւոյն ընթացքին Եկեղեցին կը յիշէ Աստուծմէ տրուած փրկութիւնը իր Որդւոյն միջոցաւ: Կեանքը մահէն աւելի զօրաւոր է:
Աւագ շաբաթը գագաթնակէտն է այս աղօթքին, այս վայրկեաններուն: Կեանքի բաղձանքը կը նշմարուի, եւ հոս է որ քրիստոնեաներուն հաւատքը կ'ընդունի Աստուծոյ գործը որ ըրած է հանրութեան՝ իր չարչարանքներով, վախով եւ յուսահատութեամբ: Շաբաթ մը ամբողջ որ ճամբան կ'առնուի Քրիստոսի հետ իրեն հետեւելու իր չարչարանքներուն որովհետեւ քաջատեղեակ ենք ուր հոն է որ պիտի յայտնէ իր յաղթանակը՝ մահուան վրայ:
Մենք Քրիստոսի հետ պէտք ենք ըլլալ խաչի ճանապարհին վրայ, հաղորդակցինք անոր չարչարանքներուն՝ բոլորելու համար մեր մարմնոյն մէջ ինչ որ կը պակսի մեզի իր խաչելութեան առաքելութենէն: Ահաւասիկ իմաստը աւագ ուրբաթ օրուայ ծոմապահութեան խորհուրդին:
Այս առիթը երբեք պէտք չենք փախցնել: Մասնակցիլ իր փառքին Ծաղկազարդին օրը եւ իր չարչարանքին Յուդայի դաւաճանութեան փոխարէն, մասնակցելով իր առանցնութեան աքլորի աղաղակէն ետք, ընդունիլ իր հետ ժողովուրդին մեղքերը խաչին վրայ, որպէսզի վերջաւորութեան մեր մէջ մեռցնենք բոլորիս մեղքերը եւ այսպէսով մասնակցիլ ուրախութեամբ եւ փառքով Քրիստոսի Յարութեան:
Այս է Աստուծոյ հրաւէրը զոր ամէնքս պետք ենք ընդունիլ այս քառասնորդացի վերջաւորութեան: Ուսումնասիրենք ամէն օր Քրիստոսի հետ այս հարցումը. ,Ու՞ր է այսօր Քրիստոսը իմ կեանքիս մէջ: Արդե՞օք ես հոն եմ ուր որ ինքը հոն է: Պէտք չէ ըլլանք հանդիսատեսներ Քրիստոսի կեանքին եւ մանաւանդ իր Յարութեան: Պէտք չէ որ դառնանք դերակատարներ հակառակ մեր կեանքին, պէտք չէ որ Պիղատոսին եւ Հրեայ վարդապետներուն դերը խաղանք կամ օրինակենք որովհետեւ շատ դիւրին է բոլորիս որ Յուդային դէրը շատ դիւրութեամբ կարենանք խաղալ, ինչպէտ նաեւ Պետրոսի դաւաճանութիւնը:
Ըլլալու ենք այս Սուրբ Շաբթուայ ընթացքին սրբանկարը Քրիստոսի որովհետեւ միակ ձեւն է որ կարենանք ապրիլ Քառասնորդացը ցմիշտ: Մեր միութեամբ կրնանք արժանի ըլլալ իր աջակողմը նստելու որովհետեւ ինքը միակ ճամբան է մեր փրկութեան եւ երջանկութեան:
Ես եկած եմ, կ'ըսէր Յիսուս, որպէսզի մարդիկը առատօրէն եւ լաւագոյն ձեւով կեանք ունենան: Յիսուս չուզեր մեզի փոքր բաներ տալ որովհետեւ լաւագոյնը կ'ուզէ մեզի շնորհել: Այս է Յիսուսի սէրը որ կը կայանայ շարունակական ուրախութեան մէջ:
Քրիստոսը կ'ուզէ շինել մեր սրտէն եւ հոգիէն իր նստավայրը եւ իր սիրոյն կեդրոնը, բայց արդե՞օք մեր փրկութիւնը հասաւ այս նստավայրին...
Խորապէս մտածելու ենք այս օրերուն Քրիստոսի կեցուածքներուն եւ նայուածքներուն, եւ պէտք չէ անտարբեր մնալ որովհետեւ սիրոյ կապը աւելի կը զօրացնէ մեզ իրեն հետ:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.