2014-04-13 11:21:21

Հարց տանք թէ մենք ո՞վ ենք ''Ովսաննա աղաղակող բազմութիւնը թէ Յիսուսը դաւաճանող Յուդան''` ըսաւ Ֆրաչիսկոս Քահանայապետը Ծաղկազարդին արտասանած քարոզին մէջ։


Կիրակի, 13 ապրիլի առաւօտեան, ժամը 9,30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գլխաւորած` Ծաղկազարդի տօնի հանդիսաւոր արարողութեան առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց տօնի նշանակութեան վրայ, որ սկիզբ կու տայ Աւագ շաբթուայ, որ մեզ կ՛առաջնորդէ Յիսուսի մահուան խորհուրդին ու Անոր հրաշափառ Յարութեան։
''Ունկնդրեցինք Յիսուսի չարչարանքներու աւետարանը սակայն հարկաւոր է հարցադրանքներ ուղղել'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հարց տալով ''Ես ո՞վ եմ, ո՞վ կը ներկայացնեմ Յիսուսին առջեւ։ Մաս կը կազմեմ այն բազմութեան որ Ովսաննա կ՛աղաղակէր եւ Քրիստոսը կ՛ընդունի որպէս Մեսիայ, կամ ալ կը նմանիմ այն քահանաներուն եւ դպիրներուն որ կ՛ուզէին Յիսուսը սպաննել''։
''Շատ անունններ լսեցինք աւետարանին մէջ'', ըսաւ ապա Քահանայապետը, ու նշեց զանոնք սկսեալ Յուդայէն որ համբոյրով մը դաւաճանեց իր Վարդապետը։ ''Կը նմանինք Յուդային'' հարց տուաւ դարձեալ Քահանայապետը կամ կը նմանինք Պիղատոսին եւ կամ Բարաբբասին, ու այսպէս շարք մը հարցումներ ուղղեց իր քարոզը եզրափակելով` ''Ուր է իմ սիրտս։ Ես որուն կը նմանիմ'' հարցումով ու հրաւիրելով բոլոր ներկաները այս շաբթուայ ընթացքին խորհրդածելու այս հարցումներուն վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.