2014-04-13 10:16:03

Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնըՎատիկանի մէջ։


Կիրակի, 13 ապրիլ 2014, Ծաղկազարդ է, Տօն` Յիսուսի յաղթական մուտքին Երուսաղէմ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 9,30 ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ գլխաւորեց Ծաղկազարդի տօնի արարողութիւնը որ սկիզբ առաւ արմաւենիներու օրհնութեանբ, Սուրբ Պետրոս հրապարակի կեդրոնը, որմէ ետք Քահանայապետը, կարտինալական, եպիսկոպոսական եւ կղերական դասը ուղղուեցան դէպի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մուտքին առջեւ զետեղուած խորանը ուր սկիզբ առաւ Սուրբ Պատարագի զոհի հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Սուրբ Պետրոսի հրապարակը զարդարուած էր Իտալիոյ Սանրէմօ քաղաքի եւ Փուլիա նահանգի նուիրած արմաւենիներու եւ ձիթենեաց ճիւղերով, յատանշելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ։Սուրբ Պետրոսի հրապարակը լի էր խուռներամ բազմութեամբ։ Իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներ իրենց ձեռքը բռնած էին արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղեր եւ յուզմունքով մասնակցեցան հոգեպարար արարողութեան։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը արարողութեան ընթացքին գործածեց Սանրէմոյի բանտի բանտարկեալներուն, ձիթենիի փայտով իրագործուած Հովուապետի գաւազանը։
Ծաղկազարդի օրը կը նշուի նաեւ երիտասարդութեան համաշխարհային 29րդ օրը որուն այս տարուայ նիւթն է ''Երանի հոգիով աղքատներուն որովհետեւ անոնցն է Երկինքի արքայութիւնը (Մատթ 5,3)''։ Այս առթիւ Սուրբ Արարողութեան աւարտին տեղի կ՛ունենայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը խորհրդանշող Խաչին եւ Տիրամօր սրբապատկերին փոխանցումը։ Պրազիլցի երիտասարդներ` ուր տեղի ունեցած էր երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքը, լեհ երիտասարդներուն կը յանձնեն խաչն ու սրբապատկերը զայն փոխադրելու համար Լեհաստան, ուր 2016-ին, պիտի նշուի յաջորդ Երիտասարդութեան համաշխարհային միջազգային հաւաքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.