2014-04-12 10:11:06

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի շնորհաւորագիրը Հրեաներու Զատկուան առթիւ։


Հրէական Զատկուայ տօնին առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհաւորգիր մը յղեց Հռոմի ռաբուանպետ Ռիքարտօ տի Սենիի։ ''Խաղաղութեան սիրալիր մաղթանքս կը յայտնեմ ձեզի եւ Հռոմի հրեայ բոլոր հասարակութեան'' գրեց Քահանայապետը հեռագիրին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց հարստահարումէն ազատագրումի յիշատակութեան` շնորհիւ Տիրոջ աջ բազուկին, ''Թող այս յիշատակութիւնը ներշնչէ ողորմութեան, հաշտութեան ու եղբայրակցութեան զգացումներ բոլոր անոնց համար որոնք զոհ են նոր ստրկութիւններու'' գրեց Սրբազան Հայրը։ Նշենք որ հրէական զատիկը այս տարի կը զուգադիպի քրիստոնայ զատկուայ տօնին հետ։
Հեռագիրի աւարտին Սրբազան Հայրը նշեց յառաջիկայ մայիսին Երուսաղէմ կատարելիք ուխտագնացութիւնը խնդրելով որ իրեն ընկերակցին աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.