2014-04-12 12:20:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Շաբաթ, 12 ապրիլ, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Մարք Ուելլէն ու ապա Քահանայապետներու Սրահին մէջ ընդունեց` Պատմական Գիտութեան Քահանայապետական Կոմիտէի անդամները, հուսկ` ժամը 12-ին, Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Խլիրթի վիրաբուժութեան գիտաժողովի մասնակիցներուն։

Պատմական Գիտութեան Քահանայապետական կոմիտէի անդամներուն ուղղած իր ճառին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը նշեց կոմիտէի հիմնադրութեան 60 ամեակը, երանելի Պիոս ԺԲ քահանայապետի կողմէ, ու գնահատանքը յայտնեց կոմիտէի անդամներուն տածած աշխատանքին, ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռին։ Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց Յովհաննէս ԻԳ արտայայտութիւնը` ''Պատմութեան ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ ճշմարտութեան որոնումի կրքոտ ուղիներէն մին որ միշտ ներաթափանցած է մարդուն միտքը։ Ան ապա խրախուսեց ներկաները յարատեւելու իրենց ուսումնասիրիրական աշխատանքին մէջ որ` յատկաշնուած Եկեղեցկան իսկական գորովով եւ ճշմարտութեան հանդէպ անկեղծ սիրով, կարենան սատար հանդիսանալ երկխօսութեան ընդմէջ Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհին։
Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց կոմիտէի կազմակերպելիք յառաջիկայ միջազգային գիտաժողովին`'Համաշխարհային Ա պատերազմի 100 ամեակի առթիւ, ու մէջբերեց Պենետիկտոս ԺԵ խօսքը որ այժմէական կը թուի տակաւին ''Խաղաղութեամբ ոչ մի բան կը կորսուի, պատերազմով ամէն բան կրնայ կորսուիլ''։
Սիրելի բարեկամներ – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակելով - ձեզի կը մաղթեմ ուսումնասիրութեան շահաւէտ ճանապարհ ու կը քայալերեմ խանդավառութեամբ շարունակել ձեր հետազօտական աշխատանքը ի սպաս ճշմարտութեան։

Իսկ Խլիրթի վիրաբուժութեան գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ ''մարդ արարածի'' կեդրոնականութեան վրայ` որ է – ըսաւ Ան - Աստուծոյ նմանութեամբ, մարմնի եւ հոգիի միութիւն։ Քահանայապետը ապա մատնանշեց հիւանդներու ցաւը կիսելու եղբայրական զգացումին որ մարդկային կեանքի իսկական գեղեցկութիւնը կը հանդիսանայ, եւ անդրադառնալով աւագ շաբթուայ մասին հաստատեց կթ ''Աստուած որ Սէր է կը փորձարկէ մարդկային ցաւը ու անոր կու տայ խոր իմաստ մը''։
Թող Տիրամայրը ձեզի ըլլայ նեցուկ ձեր առօրեայ աշխատանքին մէջ եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն տալով իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.