2014-04-12 08:06:14

Կիրակի Ապրիլ 13-ին Ծաղկազարդ է:


Ապրիլ 13-ը Ծաղկազարդ է, կամ ալ ժողովրդական բարբառով՝ Զարզարդար, ուրեմն յատկացուած է Զարդարներուն, Զարդուհիներուն, Ծաղիկներուն, Մանուշակին, Յասմիկին, Նարկիզին, Լիլային կամ Լիլիանին եւ Ովսաննային:
Հայ քրիստոնեայ աւանդութեան համաձայն Հայաստանի մէջ, նորապսակ երիտասարդները, նշանուած տղաքը Շաբաթը Կիրակիին կապող գիշերը կը կտրատէին նոր բողբոջած ուռենիները ու կը բերէին եկեղեցի, զարդարելու համար տաճարին ամէն կողմերը: Մինչ այդ անչափահաս պատանիներն ալ տաճարի մուտքն ու խորանը կը զարդարէին ծաղիկներով: Ծաղկազարդին, ձմեռուան հագուստները կը փոխուէին գարնանայիններով եւ դեռատի աղջիկները եկեղեցի կու գային իրենց հաւաքած ծաղիկներով ու ցորենի հասկերով:
Ապա քահանան կ'օրհնէր ուռենիի ճիւղերը, որոնք պատարագէն ետք պիտի բաժնուէին եւ տուներու մէջ պիտի պահուէին մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ: Տերեւներուն կը վերագրուէր չարխափան եւ առատացնող զօրութիւն եւ ամէն առիթով կը գործածուէր ամբողջ տարին:
Այդ ճիւղերուն այժմ կը փոխարինեն ձիթենիի ճիւղերը, քանի որ Հայաստանի կլիման յարմար չէր ձիթենի հասնելու համար, իսկ ուռենիի տերեւներն ալ շատ նման էին ձիթենիի տերեւներուն:
Հայ ծէսը ունի նաեւ շատ գեղեցիկ արարողութիւն մը այս օրուան համար, Դռնբացէքի արարողութիւնը., Աւագերէցը ժողովուրդին հետ կ՛երթայ Եկեղեցւոյ դռնէն դուրս եւ երեք անգամ կը բախէ դուռը խնդրելով աղերսագին որ Տէրը բանայ իրեն եւ իր ժողովուրդին համար` ողորմութեան դռները։ Նման 5 իմաստուն կոյսերուն` բոլոր ժողովուրդը վառած մոմեր կը բռնէ եւ կը սպասէ եկեղեցւոյ դռներու բացուելուն, որպէսզի ներս մտնէ սաղմոս ու շարականի երգեցողութեամբ։ Նախապէս կը կատարուի նաեւ Անդաստանի գեղեցիկ արարողութիւնը, դարձեալ զուտ հայկական, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.