2014-04-12 08:19:42

Լիբանանաի բարեսիրական Գարիթաս կոչուած մարմինը կ'առաջարկէ սուրիացի փախստականներուն համար գաղթավայրերու բացում սուրիական հողերու վրայ։


Լիբանանաի բարեսիրական Գարիթաս կոչուած մարմինը կ'առաջարկէ սուրիացի փախստականներուն համար գաղթավայրերու բացում սուրիական հողերու վրայ։
Սուրիացի փախստականներու բարձր թիւը Լիբանանի մէջ անհանդուրժելի դարձած է այդ փոքրիկ երկրին համար, այս պատճառաւ Լիբանանի Գարիթասի նախագահը միջազգային հասարակութենէն խնդրած է ձեռնարկել նոր գաղթավայրեր սուրիական հողին վրայ։ Ներկայիս շուրջ 1,5 միլիոն սուրիացի փախստականներ Լիբանան հաստատուած են։ Անոնք կը ներկայացնեն երկրին բնակչութեան 30 տոկոսը։
Այս զանգուածային ներկայութիւնը կը խախտէ ու կը վտանգէ երկրին ընկերային դիւրաբեկ իրավիճակը։ Գարիթասի նախագահը մատնանշած է որ համաշխարհային ու շրջանային ոյժերը մահաբեր զէնքեր բաշխելու փոխարէն գաղթավայրեր հաստատեն Սուրիոյ անվտանգ վայրերուն մէջ։ Նշենք որ Լիբանանի Գարիթասը իր հովանաւորութեան ներքեւ առած է աւելի քան 200 հազար փախստականներ եւ առողջապահական խնամատարութիւն կ՛ընծայէ փախստական աւելի քան 55 հազար անհատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.