2014-04-12 08:59:59

Երեւան կ՛ողջունէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի յանձնախումբին կողմէ


«Մենք կ՛ողջունենք Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 410 բանաձեւի ընդունումը», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսի եւ յանձնախումբի` բանաձեւին սատարած անդամներուն սկզբունքային դիրքորոշումը:
«Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցի նախաշէմին Ծերակոյտի յանձնախումբին կողմէ թիւ 410 բանաձեւին ընդունումը կարեւոր քայլ է պատմական ճշմարտութեան վերականգնման եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման հոլովոյթին մէջ», ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան ` ընդգծեց Նալբանդեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.