2014-04-11 11:05:58

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Վենեզուելլայի ուղղած պատգամը


Վենեզուելլայի կառավարութիւնը հրաւէր ուղղած էր Ս. Աթոռին մասնակցելու երկրի հաշտութեան ու խաղաղութեան կլոր սեղանին։ Նորին Սրբութիւնը հեռագիր մը ուղղած է ազգային հաշտութեան ժողովի մասնակցողներուն, որուն ընթերցումը կատարեց Վենեզուելլայի մօտ հաւատարմագրուած առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ալտօ Ճորտանոն։
Սրբազան Հայրը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ երկրի մէջ տեղի ունեցող խռովարարութեան ու իր հայրական հոգատարութիւնը կը յայտնէ բոլոր Վենեզուելացի քաղաքացիներուն, յատկապէս` բռնութիւններու զոհերուն։ Խորապէս համոզուած եմ, կը գրէ Քահանայապետը հեռագիրին մէջ, որ բռնութիւնները բնաւ չեն կրնար խաղաղութիւն ու բարօրրութիւն տալ երկրին ։ Մինչ երկխօսութեան միջոցաւ կարելի է հասնիլ հասկացողութեան մը, հասարակաց բարիքին ի խնդիր։ ''Արդարեւ ամէնքդ դրդուած էք հայրենիքի սիրէն, ու կը ձգտիք ձեր զաւակներու ապագայի բարիքին եւ հայրենիքի խաղաղութեան'' – կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ու ապա կը յիշեցնէ որ ''ամէն անկեղծ երկխօսութիւն կ'ենթադրէ դիմացինին ճանաչումն ու յարգանքը եւ պատրաստակամութիւնը` ներումի ու ողորմութեան, ձերբազատուելու ոխի եւ ատելութեան զգացումներէն։ Այս կը պահանջէ համբերութիւն եւ քաջութիւն, միակ ճամբան որ կարող է առաջնորդել խաղաղութեան ու արդարութեան։
Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրը կ'եզրափակէ ըսելով ''Յանուն Վենեզուելլայի ժողովուրդին, ձեր զաւակներուն բարիքին համար, ձեզմէ կը խնդրեմ ունենալ այդ քաջութիւնը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.