2014-04-11 13:20:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պաշտօնական հանդիպումները։


Ուրբաթ, 5 ապրիլ, առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ մասնակցեցաւ քառասնորդացի հինգերորդ քարոզութեան` զոր կատարեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսան։ Խորհրդածութեան նիւթը եղաւ` ''Հսկաներու ուսերուն վրայ. Մեր հաւատքի հարազատ ճշմարտութիւնները, Լատին Եկեղեցւոյ Հայրերու հետ միասին''։
Նորին Սրբութիւնը ապա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Կարտինալ Լուտվիկ Միւլլէրը, Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը եւ գերապայծառ Օսքար Քանթոնին, Իտալիոյ Քրեմա թեմի Եպիսկոպոսը։
Սրբազան Հայրը, ժամը 11-ին, ունկնդրութիւն շնորհեց Մանկութեան Կաթողիկէ Միջազգային գրասենեակի անդամներուն ու ապա` 11,30-ին, Քլեմեթինա սրահին մէջ, ընդունեց ''Կեանքի ի նպաստ'' իտալական շարժումի անդամները։
Մանկութեան Կաթողիկէ Միջազգային գրասենեակի անդամներուն հետ հանդիպումի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը գնահատեց անոնց գործունէութիւնը ի սպաս մանուկներուն, մատնանշելով հաստատութեան պատմական հանգրուաններուն ու անոր աշխատանքին` մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ ''Մեր օրերուն կարեւոր է յառաջ տանիլ` ստրկային աշխատանքի դէմ, զինուոր մանուկներու եւ անչափահասներու բռնութիւնններուն դէմ մշակուած ծրագիրներ'' հաստատեց Քահանայապետը ընդգծելով ''մանուկի իրաւունքը, աճելու ընտանեկան յարկին տակ, հայրի ու մայրի մը հետ, որ կարող ըլլան պատշաճ մթնոլորտ մը ստեղծել ապահովցնելու անոր զարգացումը եւ զգացումներու հասունութիւնը։ Այս կը պահանջէ աջակցիլ նաեւ ծնողներուն, բարոյական եւ կրօնական գետնի վրայ, իրենց զաւակները դաստիարակելու իրաւունքին'', ըսաւ Սրբազան Հայրը, արտայայտելով իր մերժումը հանդէպ ''ամէն տեսակ կրթական նոր փորձերու'', հաստատելով թէ կրթութեան աղավաղման սարսափները կը մղեն երիտասարդները ընթանալու` ''միատեսակ բռնատիրական մտածողութեան''։
''Աշխատիլ մարդկային իրաւունքներու համար, կը պահանջէ մարդաբանական կազմաւորում, եւ ժամանակակից մշակոյթի մարտահրաւէրներու պատասխան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ներկաներուն մաղթեց բարի աշխատանք զանոնք յանձնելով Տիրամօր հովանիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.