2014-04-11 11:01:38

Իտալիոյ Թրէնթօ քաղաքին մէջ կը նշուի Յիսուսեան միաբանութեան հաստատման
200 ամեակը


Շաբաթ, 11 ապրիլին, Իտալիոյ Թրէնթօ քաղաքին մէջ, կը նշուի` Յիսուսեան միաբանութեան վերահաստատումին 200 ամեակը(1814-2014)։ Այս առթիւ, Թրէնթոյի Յիսուսեան Միաբանութեան հասարակութիւնը, Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի անուան կառոյցին մօտ, կազմակերպած է շարք մը ձեռնարկներ որոնց շարքին ` Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, արուեստագէտ Անտրէա Փոցցօյի զրոյցը` միաբանութեան պատմութեան զանազան հանգրուաններու մասին, մինչեւ զարթօնքի շրջան։ Ելոյթ կ՛ունենան նաեւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Ճովաննի Լատիանա եւ Հայր Անտրէա Տալ Ասթա։







All the contents on this site are copyrighted ©.