2014-04-11 09:41:11

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը Ռուսիան զրկեց ձայնի իրաւունքէն. Ռուսիան լքեց վեհաժողովի նստաշրջանը


Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը երէկ Ռուսիան զրկեց ձայնի իրաւունքէն` Խրիմի Ռուսիոյ կցման պատճառով:
Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը մինչեւ տարեվերջ հեռացուց Ռուսիան վեհաժողովի բոլոր ղեկավար մարմիններէն` բիւրօ, նախագահութիւն եւ մնայուն յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ զայն զրկեց վեհաժողովի դէտերու առաքելութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն:
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը բանաձեւին մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները կոչած է «Խրիմի բռնակցում» եւ ուքրանական տարածքի «զինեալ բռնագրաւում»:
Վրաստանի պատուիրակութիւնը փորձեց առաջարկել բանաձեւի իր տարբերակը, որ կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ Ռուսիոյ բոլոր լիազօրութիւններու դադրեցում, սակայն այդ մէկը չորդեգրուեցաւ:
Խորհրդարանականները նաեւ մերժեցին բրիտանացի Ռոպըրթ Ուոլթըրի առաջարկը, ըստ որուն պէտք է չեղեալ յայտարարուէին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան լիազօրութիւնները:
Վեհաժողովին մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսէյ Փուշքով յայտարարեց, որ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը կը լքէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանը` սահմանափակումներուն պատճառով:
«Մենք պիտի չմասնակցինք նստաշրջանի հետագայ աշխատանքներուն: Այժմ մենք կը լքենք նստաշրջանը` ի նշան բողոքի, եւ մեզի իրաւունք կը վերապահենք վերատեսութեան ենթարկել Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստերուն Ռուսիոյ հետագայ մասնակցութեան հարցը», ըսած է Փուշքով:







All the contents on this site are copyrighted ©.