2014-04-11 09:57:35

Անգարա կը պահէ «եուԹիւպ»ի դէմ արգելքը


ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Անտեսելով համացանցային «ԵուԹիւպ» կայքը բանալու վճիռը՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Հինգշաբթի, Ապրիլ 10ին յայտարարեցին, թէ կայքին դէմ արգելքը պիտի շարունակէ ի զօրու մնալ:
Կայքը, որ Թուրքիոյ մէջ միլիոնաւոր հետեւորդներ ունի, Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան հարցերէն մէկը դարձաւ, երբ կառավարութիւնը արգելք դրաւ անոր վրայ։ Կառավարութիւնը այս միջոցին դիմեց, երբ հոն հրատարակուեցան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Սուրիոյ մասին խօսուածներուն գաղտնօրէն ունկնդրուած պատճէնը։ Հոն նախապէս հրատարակուած էին նաեւ Աթաթիւրքը նուաստացուցած գրութիւններ։
Շատեր այս որոշումը կը նմանցնեն նամակի մը պատճառաւ նամակատունը փակելու քայլին. արտաքին աշխարհը ընդվզում կը յայտնէ փակման որոշումին դէմ, ինչի հետեւանքով ալ կը պնդուէր, որ կառավարութիւնը շուտով պիտի նահանջէ ու պիտի վերաբանայ «ԵուԹիւպ»ը։







All the contents on this site are copyrighted ©.