2014-04-10 12:30:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 10 ապրիլին քարոզը ''Հսկել եւ աղօթել'':


Հինգշաբթի, 10 ապրիլին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,
Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ակնարկեց թէ, '' այսօր նաեւ գոյութիւն ունի միատեսակ մտածումի բռնութիւն մը, որ կը սպաննէ ժողովուրդին եւ խղճի ազատութիւնը'' ու ապա հաստատեց ''պէտք է հսկել եւ աղօթել''։
Նորին Սրբութիւնը սոյն խօսքերը արտասանեց ներշնչուելով Սուրբ գրային ընթերցումէն, ուր կը խօսուի Աբրահամին ըրած Աստուծոյ խոստումի մասին, որ պիտի ըլլայ Հայր՝ բազմաթիւ ազգերուն, պայմանով որ Աբրահամ եւ իր բոլոր ժառանգորդները յարգեն դաշինքը։
Նորին Սրբութինը ակնարկեց ապա Փարիսեցիներուն՝ Յիսուսին հանդէպ ունեցած վարուելակերպի մասին, որոնք կը մտածէին, թէ ամէն ինչ կը լուծուի պատուիրանները յարգելով։ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` ''Պատուիրանները միապաղաղ օրէնքներ չեն, անոնք առաջ կու գան սիրոյ յարաբերութենէն, որոնք օգտակար կ'ըլլան եւ ուղղութիւն կու տան ճանապարհորդութեան՝ հանդիպելու Յիսուսին։ Փարիսեցիներու սիրտն ու միտքը փակ էին, ըսաւ Քահանայապետը, եւ երբ միտք մը եւ սիրտ մը փակ է տեղ չկայ Աստուծոյ։ Ան ապա զգուշացուց, թէ այսօր եւս, գոյութիւն ունի միատեսակ մտածումի գաղափարական մը,որ կը քարկոծէ ժողովուրդներու եւ խիղճերու ազատութիւնը, եւ արգելք կը կանգնի Աստուծոյ հետ յարաբերութեան։ Յիսուս, անգամ մը եւս կը խաչուի։
Այս երեւոյթին դիմաց, Տիրոջ յորդորը միեւնոյնն է ընդմիշտ, ''Հսկել եւ Աղօթել'', չդիմե'լ անպէտ իրերու, այլ՝ խոնարհաբար աղօթել, որպէսզի Տէրը, մեզի պարգեւէ բաց սրտի ազատութիւնը՝ ընկալելու համար Անոր Խօսքը որ խոստում է, ուրախութիւն ու դաշինք։







All the contents on this site are copyrighted ©.