2014-04-10 12:06:31

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը, ''մարդավաճառութեան դէմ պայքար'' նիւթով միջազգային գիտաժողովի մասնակցողներուն` ''Մարդավաճառութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է''։


Անգլիոյ եպիսկոպոսներու նախաձեռնութեամբ, 9 եւ 10 ապրիլին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ` ''Մարդավաճառութեան դէմ պայքար` Վատիկանը եւ ոստիկանութիւնը միեւնոյն պայքարը կը մղեն'' նիւթով գիտաժողով մը։
Հինգշաբթի 10 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիկոս Պապը, ընդունեց գիտաժողովի մասնակիցները ու անոնց ուղղած իր խօսքին սկիզբը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալ Նիքոլսի եւ Անգլիոյ եպիսկոպոսաց համահաւք դասին մատնանշելով թէ ''մարդավաճառութիւնը վէրք մըն է ժամանանակից մարդկութեան մարմնին մէջ։ Ոճիր մըն է մարդկութեան դէմ''։
Ան ապա ընդգծեց գիտաժողովի կարեւորութիւնը ըսելով ''այսօր, հոս մեր ներկայ գտնուիլը, միացնելու համար մեր ուժերը, կը նշանակէ, թէ կ'ուզենք, որ ռազմագիտութիւնն ու պարտականութիւնները առաջնորդուին Աւետարանական գթութեամբ, եւ այս ոճիրի զոհ մարդոց եւ կիներուն մեր մօտիկութեամբ''։
Հոս կը գտնուին ոստիկանական իշխանութիւնները որոնց պարտականութիւնն է դիմադարձել աղէտալի այս երեւոյթին՝ օրէնքը պարտադրելով, մարդասիրական գործիչներու հետ միասին, որոնց հիմնական պարտակնութիւնն է հիւրասիրել եւ մարդկային ջերմութիւն ընծայել զոհերուն։ Երկու տարբեր մօտեցումներ` որ պէտք են միասին ընթանան – ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապը ընդգծելով հանդիպումի անհրաժեշտութիւնն ու օգտակարութիւնը։
Պատգամին աւարտին Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն ցուցաբերած համագործակցութեան անոնց վստահեցնելով իր աղօթքը ու զանոնք յանձնելով Աստուածամօր Հովանիին







All the contents on this site are copyrighted ©.