2014-04-10 15:48:47

Մխիթարեան միաբանութեան Հայր Ռափայէլ Վրդ. Անտոնեան-ի մահագրականը


Մխիթարեան Միաբանութիւնը սրտի մեծ ցաւով կը հաղորդէ որ, 06 ապրիլ 2014ին, կիրակի առաւօտեան, Հայր Ռափայէլ Վրդ. Անտոնեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ:
Հոգեշնորհ Վարդապետը ծնած է Հալէպ 14 Յունուար 1941-ին: Վենետիկ կը ժամանէ 8 մարտ 1953-ին ու կը յաճախէ Սուրբ Ղազարի հոգեւոր ճեմարանը: 1962-ին՝ Տիրամօր Վերափոխման տօնին օրը Ուխտադրութեամբ կ՚անդամակցի Միաբանութեան: Յետ Հռոմի «Գրիգորեան» Համալսարանէն իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումները ոսկի մետալով աւարտելուն, Քահանայ կը ձեռնադրուի 1965ին:
Պաշտօնավարած է Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ որպէս վարժապետ, հսկող, ուսումնապետ, եւ հուսկ տնօրէն եւ վարիչ ամառնային հայագիտական դասընթացքներուն (1968-73 եւ 1985-92): Իսկ Փարիզի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին մէջ իբր մատակարար, ուսումնապետ եւ ապա տեսուչ (1973-85). Ս. Ղազարի մենաստանին մէջ, տնտես, փոխ տեսուչ (1966-68) եւ հուսկ Ընդհ. մատակարար Մխիթարեան միաբանութեան (2008-10):
Իր վերջին առաքելութիւնը եղաւ Հովուական նուիրումը Պոսթոնի Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան, ուր ամբողջական կենսունակութեամբ ծառայեց 1993էն մինչեւ իր մահը: Իր կարեւորագոյն արժանիքներէն մին եղաւ պոսթոնի Հայ կաթողիկէ Համայնքը օժտել նորակառոյց կեդրոնագմբէթ շքեղ եկեղեցիով մը իր ենթակառոյցներով :
Իր վաստակներէն մին եղաւ սատար կանգնել Հայաստանի մեծ երկրաշարժէն տուժած հայութեան, գլխաւորապէս աշխատակցելով իտալացիներուն եւ Շարլ Ազնաւորի հետ: Այս առիթով իր մեծ վաստակը եղաւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի դռները բանալ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք աղէտեալ գօտիներէն ժամանեցին Վենետիկ:
Հայր Ռափայէլ Վրդ. աշխատակցած է Միաբանութեանս Բազմավէպ պարբերաթերթին՝ իմաստասիրական ու գրական բովանդակութեամբ յօդուածներով, ինչպէս նաեւ հեղինակ է Քահանայապետական հովուական նամակներու հայերէն թարգմանութեան. «Փրկիչը Մարդուն» Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Եւ «Աստուած Սէր է» Բենետիկտոս ԺԶ.ի:
Անողոք հիւանդութիւնը հիւծեց ժպտադէմ ու կենսունակ Վարդապետը, որ հրաժեշտ առնելով իր հաւատացեալներէն եւ զօրացած Սուրբ Եկեղեցւոյ Խորհուրդներով, մեկնեցաւ դէպի յաւերժութիւն:
Իր բնածին ու աստուածատուր ձիրքերը ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդին եւ սէր ու յարգանք վայելեց իր աշակերտներէն եւ հաւատացեալներէն: Բոլոր անոնք որ մօտէն ճանչցան զինքը գնահատեցին իր մէջ խոր մարդկայնութիւնը եւ Մխիթար Աբբահօր ու Միաբանութեան նկատմամբ տածած խանդն ու պաշտամունքը: Այս հոգիէն դրդուած փափաք յայտնեց թաղուիլ իր եղբայրակիցներուն մօտ՝ Սուրբ Ղազար Մենաստանին գերեզմանատան մէջ:
Թող իր հոգին մաքրազարդուած Քառասնորդացի պահեցողութեամբ ու հիւանդութեան տառապանքով, արժանի ըլլայ իր պաշտած ու քարոզած ու յաւիտենական լոյսով ողողուած Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան, ուր ցմիշտ կանգ կ՝առնեն լացն ու սուգը:

Պոսթոնի Ս. Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ (200 Lexington St., Belmont, MA 02478) Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին Չորեքշաբթի 9 եւ Հինգշաբթի 10 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 5-8. իսկ ուրբաթ 11 Ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի եւ եկեղեցւոյ կարգը պիտի կատարուի:

Հանգուցեալին փափաքին համաձայն մարմինը պիտի փոխադրուի Ս. Ղազար, ուր պիտի կատարուի թաղման արարողութիւնը:
Թաղման օրուան ու ժամին մասին տեղեակ կը պահենք հաւատացեալ հասարակութիւնը յաջորդ մեր հաղորդակցութեամբ:

Մաղթելով որ Յիսուսի Յարութեան լոյսը հասնի բարի կամեցողութիւն ունեցող համայն մարդկութեան՝


Աղօթքի միութեամբ՝

Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհ. Աբբահայր
Հայր Եղիա Վրդ. Քիլաղպեան








All the contents on this site are copyrighted ©.