2014-04-10 13:50:53

Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի


RealAudioMP3 Այս թուղթով կ՛ուզենք որդեգրել, որպէս տիպար օրինակ ընտանիք, Բեթղեհեմի Ս. Ընտանիքը, խոնարհ, հնազանդ, անդորր, միացած եւ միախոհ, պարզութեան մէջ երջանիկ, միասնօրէն իրենց ընտանեկան եւ ընկերային պարտականութիւնները ապրող եւ կատարող, ինչպէս Ս. Աւետարանի մէջ կը յիշուի Ս. Յովսէփի հնազանդութիւնը Աստուծոյ կամքին, իր խոստացեալ կինը կ՛առնէ իր մօտ հրեշտակի տեսիլքի վրայ հիմնուած, անոր մէջ տեսնելով աստուածային հրամանը, նոյնպէս Մարիամը, որ վստահեցաւ ու հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին, աւետման օրը, հրեշտակի ողջոյնով (Մատթ. Ա, 20-25), ու ինչպէս միասին քալեցին դէպի Բէյթլեհեմ, կատարելու աստուածային ծրագիրը։
Ս. Ընտանիքը ընդօրինակելով, մեկնաբանել մեր մարդկային ժամանակակից ընտանիքի յատուկ իրաւունքները, պարտականութիւնները, և մանաւանդ աստուածային բարոյեական արժէք ները, որ մեզմէ կը խնդրուի անոնց հաւատարիմ մնալ քանի որ հաւատացինք Աստուծոյ։ Պիտի աշխատինք վերականգնել մեր ընտանիքը եթէ իյնկած է, զարգացնել զայն, եթէ գիտակից է իր յատուկ կոչումին, պիտի մեծարենք ու բարի օրինակի առարկայ դարցնենք մեր հասարակութեան, եթէ կարողանայ քրիստոնէական ճշմարիտ վկայութիւնը ներշնչել։ Մէկ խօսքով այս հովուական թուղթս բարերար աշխատանոց մը պիտի դառցնենք նախ անձը կերտելու, ապա մեր ճշմարիտ անհատական կոչումը իմանալու ու զայն ընտանիքի ոլորտի մէջ զետեղելով ապրիլ Աստուծոյ հովանիի տակ։

Խրատ հոգեւորական դասին
Այս բոլոր տեսութիւնները կը մնան ամուլ եթէ, մենք հոգեւորականներս, իմանալով ճշմարտութիւնը, չաշխատինք ամրապնդել զանոնք մեր քարոզութեան եւ առաջնորդութեան մէջ։
Եպիսկոպոսական օծումը լրումն քահանայութեան ըլլալով, եպիսկոպոսին ուսերուն կը դրուին պատասխանատուութիւններ ուսուցանելու սրբացնելու եւ կառավարելու իրեն յանձ նուած եկեղեցին (Կաթ. Եկեղ. Քրիստոնէական վարդապետութիւն) ։ Սակայն եպիսկոպոսը, կարող է լրացնել այս պարտականութիւնները միայն ու միայն քահանայական դասին հետ համագործակցաբար։ Քահանայական դասը, իր յատուկ կոչումով նոյն պատասխանա տուութիւնն ունի եպիսկոպոսին հետ միասին համագործակցաբար վարել սրբազան այս առաքելութիւնը։ Հովիւի յանձնառութենէ մղուած, ամենայն պարզութեամբ պիտի խնդրէի ձեզմէ, յոյժ սիրելի հոգեւորական դաս, քոյրեր եւ եղբայրներ, որ այս տարին, դուք ալ ինծի հետ միասին նուիրէք մեր հայ ընտանիքի ծառայութեան եւ լաւագոյն ապագայի զարգացման։ Աշխատինք միասին ամրապնդել մեր հայ ընտանիքը Աստուծոյ շնորհքին մէջ, միացած պահել ամուսնական անքակ կապով, գօտապնդել զիրենք զեղուն սիրով, որ ամենաբարին Աստուած օրհնէ զիրենք բազմանդամ սուրբ ընտանիքով։
Արդ, մենք կը նկատուինք որպէս երկրի “Աղը”, որ մեր հոգեւորականի, յատուկ կոչումով կանչուած ենք վկայելու հայ ընտանիքի մօտ, մեր բարի օրինակով, բարի խրատներով, ունենալով միշտ Ս. Աւետարանը, որպէս առաջնորդ եւ Ս. Ընտանիքը, որպէս տիպար օրինակ։ Ընդհանրական Սուրբ եկեղեցւոյ քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ, քահանայութիւնը կը նկատուի եօթ խորհուրդներէն մին եւ մենք այս եկեղեցւոյ հիմնական անդամներէն ըլլալով կանչուած ենք Աստուծոյ ծառայութեան։ Այս պատճառի համար է, որ Յիսուսի տուած աղի օրինակը յիշեցինք։ Սակայն նկատի առնելու ենք նոյն օրինակին երկրորդ մասը. “Եթէ աղը համը կորսնցնէ ինչո՞վ այն պիտի համեմուի” (Ղուկ. 14, 34-35) ։
Նոյնպէս, յիշենք Քրիստոսի խօսքերը իր աշակերտներուն, պարտականութիւնները, որ իրենց վրայ դրաւ, եւ կարողութիւնները որ շնորհեց քարոզելու համար Աստուծոյ անունը աշխարհի չորս ծագերուն։ Այսօր մեզի տրուած են պարտականութիւններն ու առատ շնորհքները, շարունակելու Քրիստոսի պատգամը։ Այս տարի, յատուկ կերպով ձեզմէ եւ ինծմէ կը խնրուի մեր ուշադրութիւնը դարձնել մեզի յանձնուած ընտանիքներուն։ Մեզմէ կը խնդրուի խիստ խնամք տանիլ արտայայտելու ճշմարիտ կոչումը ընտանիքին, որ կը յայտնաբերուի ամուսնական Ս. Խորհուրդով։
Սակայն վերոյիշեալ կէտերը իրականացնելու համար, յիշենք Յիսուսի սիրոյ պատուիրանը, որ աշակերտներուն տուաւ “Այս է իմ Պատուիրանը, որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի” (Յվհ. 15, 12)։ Արդարեւ, մեր քահանայական կոչումով կարելի չէ ապրիլ այս պատուերէն դուրս եւ արժանանալ Քրիստոսի աշակերտելու մեծ պատիւին։ Կարելի չէ վկայել անոր, եթէ իր պատուիրանը չպահենք ու զայն ճշմարտապէս չապրինք։ Կարելի չէ քարոզել սէրը, որ էական հիմքն է ընտանիքի կեանքին, եթէ մենք անկէ զուրկ ենք։ Սիրոյ այս պատուիրանը, Յիսուսի սրտին այնքա՜ն մօտ էր, որուն համար կրկին ու կրկին պատուիրեց աշակերտներուն ըսելով. “Այս կը պատուիրեմ ձեզի. Որ սիրէք իրար” (Յով. 15,17): Արդ ինչպէ՞ս պիտի արժանանանք Քրիստոսի ծառայութեան պատիւին, եթէ չհասունցնենք սիրոյ սերմը մեր սրտերուն մէջ։ Ինչպէ՞ս պիտի գործենք ու նուիրուինք հայ ընտանիքի դաստիարակութեան սրբութեան ու առջնորդութեան, եթէ, որպէս քահանայական կամ հոգեւորականի կոչումով չունինք հարկ եղած սիրոյ (հիմք) բնաբան, մեր հոգիին մէջ։
Անոր համար խոնարհութեամբ եւ բարի տրամադրութեամբ կը մօտենամ ձեզի սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ի Քրիստոս, որ 2014 տարին տրամադրենք մեր անձնական խղճի քննութեան, եւ ազնուութեամբ նորոգուելու տրամադրութեան, խնդրելով Աստուծոյ Հօր եւ մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի օրհնութիւնն ու շնորհքը տոգորուելով աստուա ծային սիրով ի սպաս մեր հայ ազգի զաւակներու ծառայութեան։
Հուսկ, անխուսաբելի է Յիսուսի պատկերը, որպէս հովիւ, որ մեզի փոխանցած է ոչ միայն տիտղոսն ու առատաշնորհ պարգեւները, այլ նաեւ պարտականութիւնը այն հատուածին մէջ ուր կ՛ըսէ. “Ես եմ քաջ Հովիւը եւ բարի Հովիւը կը ճանաչնայ իրենները, եւ իրենց կը կանչէ իրենց անուններով, եւ իր ձայնին կը լսեն” (Յովհ. 10,11) ։ Հետեւաբար մեր առաքելութիւնն է երթալ ոչխարներուն ետեւէն, հաւաքել զիրենք, պահպանել, եւ առաջնորդել դէպի հոգեւոր մարգագետիները։ Մենք, իբրեւ այլ ոմն Քրիստոսներ, պիտի վկայէք Լոյսին՝ Քրիստոսին որ ըսաւ “Ես եմ լոյսը աշխարհի, ով որ ետեւէս գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ՝ պիտի ընդունի կեանքի լոյսը” (Յովհ. 8, 12) ։ RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.