2014-04-09 13:00:47

Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Արհ. Տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանին


ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջէն տեղեկացանք որ Ապրիլի 3-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագրեր յանձնած է Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանին եւ եգիպտահայ գործարար, «Մոկաբօ» ընկերութեան սեփականատէր Ռաուֆ Պարկուտին։

Ներկայացնելով Գերապայծառը, Սփիւռքի նախարարուհին ըսած է յատկապէս.- «Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանը մեր ամենահին համայնքներէն մէկուն Հայ կաթողիկէ թեմին առաջնորդն է, իսկ մենք գիտենք որ հոգեւոր թեմերը սփիւռքի մէջ միայն հոգեւոր գործունէութիւն չեն ծաւալեր, այլ նաեւ կը կազմակերպեն եւ կ՚իրականացնեն հայապահպանութեան ծառայող կրթական, մշակութային անհրաժեշտ աշխատանքներ»։

Անդրադառնալէ ետք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի վճռորոշ դերակատարութեան 1938-ին՝ Քեսապի շրջանի Սուրիոյ սահմանէն ներս պահպանումին մէջ, Հրանուշ Յակոբեան աւելցուցած է.- «Կը կարծենք որ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին դարձեալ աշխատանք կը տանի որպէսզի Հռոմի Պապը այս անգամ եւս հանդէս գայ Քեսապի դէպքերուն վերաբերեալ յայտարարութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին իրեն ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելնուն համար, Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ առաջնորդը հաւաստիացուցած է որ մեծ ուրախութիւն կ'ապրի ողջ թեմը, երբ իմանայ իր առաջնորդին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու մասին։

Այնուհետեւ, Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է «Մոկաբօ» հագուստի ընկերութեան հայազգի սեփականատէր գործարար Ռաուֆ Պարկուտին եւ անոր եւս յանձնած է Հայաստանի քաղաքացիութեան անձնագիր։ Շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ընծայուած պատիւին համար, Ռաուֆ Պարկուտի ըսած է որ Հայաստան յաջորդ այցին պիտի փորձէ հայերէնով արտայայտուիլ։







All the contents on this site are copyrighted ©.