2014-04-08 11:07:27

Հարաւային Քորէայի բոլոր կրօներու հաւատացեալները իրենց հրճուանքը կը յայտնեն ի լուր ֆրանչիսկոս Քահանայապետին երկրին այցելութեան։


Հարաւային Քորէայի կրօնապետերը միացեալ յայտարարութեամբ իրենց խնդակցութիւնը յայտնած են ի լուր ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, 14էն 18 օգոստոս 2014, Քորէա կատարելիք առաքելական այցելութեան, Ասիայի երիտասարդաց օրուան առիթով։
Անոնք կը յուսան որ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը պիտի սատարէ երկրի կրօնական զանազան շարժումներու սերտացումին, անոնց միջեւ երկխօսութեան ու համագործակցութեան։ Կրօնապետերը որոշած են բարի գալուստի որմնազդեր բարձրացնել պաշտամունքի բոլոր շէնքերուն վրայ։
Երկուշաթի 7 ապրիլին, Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը յայտարարեց թէ առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսը, ներշնչուած Եսայի Մարգարէի խօսքէն, պիտի ըլլայ ''Քորէա` կանգնէ, փայլիր''։ Նշենք թէ 7-9 ապրիլ, Վատիկան ժամանած է Քորէացի մէկ պատուիրակութիւն մը վերոյիշեալ ճամբորդութեան կազմակերպութեան առընչութեմաբ հանդիպումներ ունենալու։







All the contents on this site are copyrighted ©.