2014-04-08 11:20:24

Հայաստանի մէջ արձանագրուած են 76 կուսակցութիւն եւ 46 կրօնական կազմակերպութիւն


Հայաստանի մէջ արձանագրուած են 76 կուսակցութիւններ, որոնցմէ 2ը՝ «Միաւորում յանուն Հայաստանի» եւ «Նոր ուղի» կուսակցութիւնները կը գտնուին լուծարման հանգրուանի մէջ:
Լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան իրաւաբանական անձերու պետական տոմարի գործակալութեան պետ Արմէն Գէորգեանը: Անոր համաձայն՝ ներկայիս կուսակցութիւններու պաշտօնական արձանագրութիւնը կը կատարուի 30 օրուան ընթացքին։ «Այն որոշ չափով տարբերւում է այլ կազմակերպութիւնների գրանցումից: Կուսակցութիւնները մեզ ոչ միայն ներկայացնում են կանոնադրութիւնը, այլ նաեւ իրենց ծրագիրը եւ այլ փաստաթղթեր, որոնք տարբերւում են այլ իրաւաբանական անձանց կամ կազմակերպութիւնների գրանցումից», դիտել տուած է Գէորգեան: Անոր համաձայն՝ որպէս անհատ ձեռնարկատէր արձանագրուածները 92 հազար են, իսկ որպէս սահմանափակ պատասխանատուութեան ընկերութիւններ՝ մօտաւորապէս 46 հազար 500:
«Պետական ռեգիստրում գրանցուած կրօնական կազմակերպութիւններն այժմ 46ն են: Կրօնական կազմակերպութիւնների գրանցումը եւս առանձնայատուկ է, քանի որ մինչեւ գրանցման ընթացակարգեր անցնելը նրանք պէտք է թոյլտուութիւն ստանան կառավարութեան կողմից», յայտնած է Գէորգեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.