2014-04-08 11:46:55

«Սուրիոյ մէջ մարտական հիմնական գործողութիւնները մէկ տարուան ընթացքին պիտի աւարտին» ըսած է Ասատ


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ «Պաղեստինեան կայսերական ուղղափառ միութիւն» մարդասիրական կազմակերպութեան նախագահ Սերկէյ Սթեփաշին յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու աշխուժ փուլը պիտի աւարտի այս տարուան ընթացքին:
Սթեփաշին պատմած է, որ Դամասկոսի մէջ Ասատի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին «դարձեալ շօշափուեցաւ տնտեսական համագործակցութեան նիւթը: Իմ այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս են զինուորական գործերը, Ասատ պատասխանեց, որ այս տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու աշխուժ փուլը պիտի աւարտի: Ան ըսաւ, որ հետագային իրենք ստիպուած պիտի ըլլան զբաղիլ մէկ բանով, ինչ որ կ՛ընեն ամբողջ ժամանակ` պայքար ահաբեկիչներու դէմ»:
Ըստ Սուրիոյ նախագահին, իր երկրին մէջ տագնապը ոչ թէ կրօններու միջեւ է, այլ բոլոր դաւանանքներու մարդոց եւ աւազակներու միջեւ:
Սթեփաշին նշած է, որ Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը` դեղորայքը, բժշկական սարքերը, մթերքները, հագուստը, գնուած է բարեգործական միջոցներով: «Մեր խնդիրը եղած է պիւտճէական միջոցներէն ոչ մէկ գումար օգտագործել», նշած է ան:
Միւս կողմէ, անծանօթ զինեալ մը երէկ Հոմսի Պուսթան Տիուան շրջանին մէջ ահաբեկեց Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հոլանտացի վարդապետ Ֆրանսիս Վանտերլեխթը: Վերջինս կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ համաձայնութենէն ետք մերժած էր Հոմսէն հեռանալ, նախքան բոլոր թաղամասերէն բնակչութեան դուրս բերումը:
«Մայատին» հաղորդեց, որ զինեալ խմբաւորումները Լաթաքիոյ գիւղական շրջաններուն դէմ «Կրատ» տիպի 7 հրթիռներ արձակած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.