2014-04-07 14:00:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ընդունի Յորդանանի Թագաւորը։


Երկուշաբթի, 7 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` Ազգերու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը, որմէ ետք ընդունեց ՄԱկի Նիւ Եորքի գրասենեակի Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայածառ Ֆրանսիս Ասսիզի Շուլլիքադ, որ անցեալ 31 մարտին ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին ընթացքին, ընդգծեց ընտանիքին կարեւոր դերը թէ ընկերութեան մնայուն բարգաւաճումին եւ թէ աղքատութեան դէմ պայքարելու համար։
Սրբազան Հայրը հուսկ ընդունեց Թանզանիայի եպիսկոպոսական համահաւք դասի անդամները որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, իսկ ժամը 12,45-ին Քլեմենթինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի երիտասարդաց հաւաքի կազմակերպիչ կոմիտէի անդամներուն։
Յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Տոմուս Սանդա Մարթայի մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Յորդանանի Թագաւոր` Նորին Վսեմութիւն Ապտալլահ Բ Իպն էլ Հիւսէյնը ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Յայտնենք որ յառաջիկայ մայիսի վերջաւորութեան, Սրբազան Քահանայապետը Երուսաղէմ կատարած ուխտագնացութեան առթիւ, պիտի այցելէ նաեւ Յորդանանը։ Թագաւորին ու Քահանայապետի միջեւ կայանալիք հանդիպման ընթացքին կը շօշափուին երկու Պետութիւններու միջեւ յարաբերութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Իսլամ Քրիստոնեայ երկխօսութեան ընթացքը ու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները։ Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 29 օգոստոս 2013-ին ունկնդրութիւն շնորհած էր Յորդանանի Թագաւորին եւ անոր կողակից Ռանիա Թագուհիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.