2014-04-07 15:33:55

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ռիոյի երիտասարդաց հաւաքը կազմակերպող կոմիտէի անդամները` ''Ռիոյի բնակիչները իմ սիրտս


2013-ի, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի երիտասարադաց հաւաքի կազմակերպիչ կոմիտէի անդամներուն հետ հանդիպելով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առիթէն օգտուեցաւ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց տածած վեհանձն աշխատանքին համար։
Երբ Պրազիլ ժամանեցի ըսի թէ կ՛ուզէի մուտք գործել պրազիլցիներու սրտին մէջ – ըսաւ Քահանայապետը – սակայն այդ շաբթուայ աւարտին, Հռոմ վերադարձայ լի յուցմունքով ու մտածեցի թէ Ռիոյի բնակիչները գող են, այո գող` որովհետեւ իմ սիրտս գրաւեցին։
Ան ապա մէջբերեց Պրազիլ կատարած այցելութեան ընթացքին արտասանած խօսքերը ու քաջալերեց ներկաները նայելու միշտ յառաջ, վստահելով Աստուծոյ որ մինակ չի թողուր իր ժողովուրդը ու կը հոգայ անոնց պէտքերուն, այնպէս ինչպէս ըրած էր Յիսուս` հացն ու ձուկերը բազմապատկելով։
Սրբազան Հայրը շեշտեց ապա ուրիշներու կարիքները հոգալու կարեւորութեան վրայ։ ''Չենք կրնար անտարբեր մնալ ի տես մեր բազմաթիւ եղբայրներու թշուառութիւններուն, ըլլայ հոգեկան ըլլայ նիւթական իմաստով'' – ըսաւ Ան ու մատնանշեց` Երիտասարդութեան համաշխարհային պատգամը ամփոփիչ բառերուն` ''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու''։ ''Արտադրանքի'' Եկեղեցի մը ըլլալու ենք, միսիոնար աշակերտներու նման, որ վախ չունին դժուարութիւններէն, որովհետեւ տեսանք որ Տէրը կը բազմապատկէ մեր ջանքերը'' – յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա խօսքը եզրափակեց ներկաները յանձնելով Սուրբ Յովսէփ Անքիէդայի բարեխօսութեան ու հրաւիրելով զանոնք յառաջ ընթանալ քաջութեամբ` Քրիստոսի ու Անոր Եկեղեցւոյ լոյսին բոցը վառ պահելով Պրազիլցի ժողովուրդին սրտին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.